Արցախի հայաթափումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ օրըստօրէ լարուող անվտանգային միջավայրի ու գոյութենական սպառնալիքներու պայմաններուն տակ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու քննարկումի եւ համադրումի, ինչպէս նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան մարտավարական որոշակի վերանայումներ ընելու համար՝ ՀՅԴ Բիւրօն հրաւիրած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով։

Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած արտաքին հիմնական մարտահրաւէրներու քննարկումն է, անոնց յաղթահարումին համար Հայ Դատի համակարգի ներուժի նպատակային օգտագործումը։

Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան քսան երկիրներէն ժամանած՝ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերի ու գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի կ’ունենայ 25 Մայիսին, Երևանի մէջ։

 

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
24․ 05․ 2024թ․