Կիրակի, 26 Մայիսին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանի հրաւիրած ժողովրդային համազգային հաւաքը։
Մինչեւ հանրահաւաքի սկսիլը երիտասարդները Մատենադարանի մօտէն երթով միացան հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազար քաղաքացիներուն:
Կառավարութեան շէնքին դիմաց վահաններով զինուած բազմաթիւ ոստիկաններ բերուած էին։ Անոնք քանի մը շարքով փակած էին կառավարութեան շէնքին մուտքը։
Ժողովրդային հաւաքը սկսաւ զօրակցութեան խօսքերով՝ ուղղուած Տաւուշի եւ Լոռիի մէջ եղած բնական աղէտի հետեւանքով տուժածներուն։
Բագրատ Սրբազան, աղօթք բարձրացնելէն առաջ, կոչ ուղղեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու աղէտի հետեւանքով զոհուած քաղաքացիին յիշատակը։
«Այս իշխանութիւնը ոչ միայն յանցաւոր կերպով կը յանձնէ մեր պետութիւնը՝ իր ֆիզիքական գոյութեամբ, այլեւ աւելի սարսափելին կ’ընէ ՝ կը ձգտի փոխել մեր Հայրենիքի բովանդակութիւնը, ինքնութիւնն ու արժէքները՝ գողնալով եւ ուրանալով մեր խորհրդանիշները, մեր երազներն ու իղձերը, մեր գոյութեան իրաւունքն ու կենսագրութիւնը՝ մոռնալով, որ ոգին յաղթած է «դուխին», Եռագոյնը՝ սեւ ու սպիտակին», ժողովրդային հաւաքի ընթացքին ըսաւ Բագրատ սրբազան։
Հակառակ ասոր, պայքարը պիտի հասնի իր նպատակին:
Ան ընդգծեց՝ այս շարժումը հայկական օրակարգ, յստակ նպատակ ունենալու մասին է, կարգապահ ու պատասխանատու քաղաքացիներ ունենալու, անվտանգ, կայուն ու հաստատուն պետութիւն ու խաղաղութիւն ունենալու մասին է։
Այս շարժումը Աւետեաց երկիր ունենալու մասին է. յայտարարեց Բագրատ Սրբազան՝ այդ նպատակին հասնելու համար վերահաստատելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը։
«Այս ճանապարհի խոչընդոտը այսօրուան իշխանութիւնը, յատկապէս անոր ղեկավարն է, հետեւաբար, ան պէտք է հեռանայ», ըսաւ Սրբազանը։
«Հեռացիր» վանկարկեցին ժողովրդային հաւաքի մասնակիցները։
ԵՊՀ արեւելագիտութեան հիմնարկի փրոֆեսոր Գուրգէն Մելիքեան իր ելոյթին ըսաւ. «Շատ դժուար փուլ կը սպասէ մեզի, ժողովո՛ւրդ, մենք պէտք է այդ դժուարութիւնը յաղթահարենք, հասկնանք, որ ով ալ ստանձնէ պատասխանատուութիւն, ասիկա իրեն համար պիտի ըլլայ իր կեանքի ամենաբարդ ծառայութիւնը։ Հայաստանը երբեք այսքան ծանր վիճակի մէջ իշխանութիւն չէ փոխած։ Մեզի պէտք է մէկը, որ կրնայ վերցնել այդ պատասխանատուութիւնը, համախմբել բոլորը, եւ կապուած չըլլայ ոչ մէկուն, բացի սեփական խիղճին, ժողովուրդին ու պետութեան շահին։
«Ճնշող մեծամասնութիւնը եղած է միակարծիք, որ այդ մարդը Բագրատ Սրբազանն է։ Եւ կայ արդէն յստակ ձեւաւորուած համախոհութիւն քաղաքական ուժերու ու ժողովրդի մօտ, որ շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը պէտք է ըլլայ նաև վարչապետ», ըսաւ ան։
«Սրբազա՛ն վարչապետ», վանկարկեց ժողովուրդը։
Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ անցումային կառավարութիւնը՝ հաշտութեան կառավարութիւնը, պէտք է օժտուած ըլլայ մասնագիտական կարողութիւններով, հմտութիւններով, պետք է ըլլայ հայրենատէր և աստուածասէր։
«Պէտք է ունենայ օրակարգային երեք ուղղութիւններ․
Առաջինը՝ ներքին հաշտութեան օրակարգ՝ հիմնուած արդարութեան և արդարադատութեան վրայ։
Երկրորդը՝ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ պէտք է վարէ առանց «հակա»-ներու քաղաքականութիւն, ներկայ վիճակի սառեցում իրականացնէ, որ չափազանց դժուար է, որովհետև տեղեկատուութեան անսահամափակ պակաս կայ այս պահուն։ Ամէն գնով պէտք է սառեցնել այն իրավիճակը, որուն մէջ կը գտնուինք։ Պէտք է ձգտի իրական՝ կայուն խաղաղութեան՝ ուժի սպառնալիքի կիրառման վերացմամբ, մեր գերիներու և Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձի իրականացմամբ, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իրական, խորքային բանակցութիւններ վարելով, ներառեալ՝ արցախցիներու անվտանգ վերադարձը՝ անվտանգութեան և բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներու լուծմամբ։ Սահմանազատման և սահմանագծման գործընթացը պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն ետք՝ յստակ քարտէզներով։
Երրորդը՝ պէտք է պատրաստէ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններ՝ ազատ և թափանցիկ ընտրութիւններու երաշխավորը ըլլալով՝ առանց յաւակնելու մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն», անցումային կառավարութեան օրակարգը ներկայացուց Բագրատ Սրբազան։
Բագրատ սրբազան նաեւ յայտարարեց, որ Վեհափառ Հայրապետէն խնդրած է իր 30-ամեայ հոգևոր ծառայութիւնը սառեցնել:
Ան նշեց, որ նկատի ունենալով լայն շրջանակներու՝ վարչապետի թեկնածու ըլլալու առնչութեամբ զինք առաջադրելը, Վեհափառ Հայրապետին և հոգևոր եղբայներուն հետ քննարկումներու արդիւնքով նշուած է, որ իր հոգևոր հանգամանքին հետ չի կրնար համատեղել վարչապետի թեկնածութիւնը։
«Սրբազան վարչապետ», վանկարկեց ժողովուրդը։
Ապա Բագրատ սրբազանը կոչ ուղղեց Փաշինեանին․ «Նիկո՛լ Փաշինեան, մենք չենք ուզեր, որ քու քաղաքական խումբը բաժնուի եւ պառակտուի, մարդուն տրամադրենք մարդու, հայուն՝ հայու դէմ՝ հետեւաբար քու խումբը եւ անոր իւրաքանչիւր ներկայացուցիչը տանելով քաղաքական, արժէքային եւ բարոյական անդառնալի կործանման՝ ներկայ եւ ապագայ սերունդներու նզովքին ենթակայ։ Հրաժարական տո՛ւր։ Սա վերջին հնարաւորութիւնն է՝ քաղաքակիրթ ճանապարհով հեռանալու եւ քու վերջին հնարաւորութիւնը, որուն համար շատ ժամանակ չունիս»։
Բագրատ սրբազան անդրադարձաւ նաեւ իր՝ վարչապետի թեկնածու դառնալու իրաւական գործընթացին։ Ան ըսաւ, որ ինք չէ պահած եւ ըսած է, որ երկքաղաքացիութիւն ունի, իսկ օրէնքը կը սահմանափակէ երկքաղաքացիները դառնալ վարչապետ։