Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ուղղած է ազատ արձակելու Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ այդ առնչութեամբ ստորագրահաւաք սկսած է։ Լեմքինի հիմնարկը այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է։
«Լեմքինի հիմնարկը խորապէս մտահոգուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն ապօրինաբար կալանաւորուած մնալ արցախցի քաղաքական բանտարկեալները։ Մենք կոչ կ’ուղղենք անյապաղօրէն քայլեր ձեռնարկելու։ Ատրպէյճանի նախագահին կոչ ուղղած ենք ազատ արձակելու բոլոր հայերը, որոնք ներկայիս պահուած են Պաքուի մէջ։ Անոնց կալանաւորումը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Լեմքինի հիմնարկը կոչ ուղղած է ստորագրելու Ատրպէյճանին մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու միջնորդութիւնը։
«Ստորագրելով այս միջնորդութիւնը՝ դուք կրնաք քայլ ընել Պաքուի մէջ պահուող արցախահայերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերու իրաւունքներու վերականգնումին ուղղութեամբ, որոնցմէ ոմանք ապօրինաբար այնտեղ պահուած են տարիներով», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։