ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի Հանրապետական Բաժակի աւարտական մրցումին, Սուրիոյ ախոյեան Տէր Զօրի Ֆթուէն 5 – 4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ուահտէն տիրացաւ Հանրապետական Բաժակին: Մրցումի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասար արդիւնքով, որմէ ետք զոյգ խումբերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներուն: Աւելցնենք, որ սա 5-րդ անգամն է որ Ֆթուէն կ’արժանանայ Սուրիոյ Հանրապետական Բաժակին:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական մրցումին Դամասկոսի Սաուրան 51-50 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դրացի Ուահտէն եւ տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան աւարտական փուլ հասան Դամասկոսի Ուահտէն եւ Հոմսի Քարամէն, որոնք իրարու հետ պիտի մրցին առաւելագոյնը 7 անգամ։ Խումբերէն չորս յաղթանակ արձանագրողը ախոյեան
պիտի հանդիսանայ։
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ արժանթինցի Հիքթոր Քուփոր յայտարարեց անուանացանկը այն խաղացողներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ճափոնի եւ Քորիայի հետ մրցումներուն: Հաւաքականի հիմնական բացականերէն մէկն է Օմար Խուրէյպին, որ առաջարկած է զինք զանց առնել այս ցանկէն, միւս կողմէ, սակայն, Սուրիոյ հաւաքականին կրկին միացած է Օմար Սոման:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՍԹՈՆ ՎԻԼԼԱՆ ԷՄԵՐԻԻ ՀԵՏ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ
Անգլիական Ասթոն Վիլլան երկարաձգեց պայմանագրութիւնը խումբի գլխաւոր մարզիչ Ունայի Էմերիի հետ։ Ակումբի կայքէջը հաղորդեց, որ 52-ամեայ սպանացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2029: Էմերին 2022 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Ասթոն Վիլլան, որ անոր ղեկավարութեամբ արձանագրած է 44 յաղթանակ եւ կրած 23 պարտութիւն, ինչպէս նաեւ 16 հանդիպում աւարտած է հաւասարութեամբ։ Անգլիոյ Փրեմիէր լիկի աւարտած առաջնութեան Ասթոն Վիլլան գրաւած է չորրորդ տեղը եւ նուաճած Չեմփիընզ լիկի խմբային փուլի ուղեգիրը:
ՀԷՐԻ ՔԷՅՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ՈՍԿԵԱՅ ԿՕՇԻԿԻ ԿՈՉՈՒՄԸ
Գերմանիոյ Պայերն Միւնէխ ակումբի անգլիացի խաղացող Հէրի Քէյն նուաճեց ոսկեայ կօշիկի կոչումը, որպէս Եւրոպայի լիկերու լաւագոյն ռմբարկու: Անգլիացի խաղացողը վերջին մրցաշրջանին նշանակած է 36 կոլ։ 28 կոլով իրեն կը յաջորդէ Շթութկարտի խաղացող Սէրու Կիրասին: Յիշենք, որ Քէյն Պայերն Միւնէխի հետ մաս կազմած իր 45 մրցումներուն եւ նշանակած 44 կոլ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան