ՀՅԴաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով, 25-28 Մայիսին Հայաստանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողով՝ շուրջ քսան երկիրներէն ժամանած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ։
Խորհրդաժողովը լսեց ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի աշխատանքներու ամփոփումները նախորդ՝ Դեկտեմբեր 2021-ին խորհրդաժողովէն առ այսօր, քննարկեց Արցախի հայաթափումէն ու անով պայմանաւորուած զարգացումներու մասին տարբեր զեկոյցներ, կատարեց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններու մարտավարական բնոյթի փոփոխութիւններ՝ յառաջիկայ գործունէութեան համար։Խորհրդաժողովը արժեւորեց պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար շարք մը երկիրներու մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու կողմէն սկսեալ՝ պատժամիջոցներու կիրառունին ուղղուած աշխատանքները եւ ընդունեց որոշում՝ անիկա շարունակելու նոր թափով ու աշխարհագրական աւելի լայն ընդգրկումով։
Խորհրդաժողովը քննարկեց այն հիմնական ուղղութիւններն ու կարելի քայլերը, որոնք, հաւանաբար, ձեռք կ’առնէ Ատրպէյճան՝ իր միջազգային հեղինակութեան բարձրացումին եւ պատերազմական յանցագործի պիտակէն խուսափելու համար։ Անդրադառնալով այս հարցին՝ խորհրդաժողովը ընդունեց համապատասխան որոշումներ։ Առհասարակ, պիտի շարունակուին ատրպէյճանական յանցագործութիւններու միջազգային հանրահռչակումն ու անոնց մասին քաղաքական, հասարակական ու իրաւապաշտպան շրջանակներու իրազեկուածութեան բարձրացման աշխատանքները։
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը ամէնօրեայ դրոյթով պիտի հետապնդեն Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն՝ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան տունդարձի հարցը։
Խորհրդաժողովի մասնակիցները, նկատի առնելով նաեւ իրենց աշխատանքի հետեւանքով ստացած տեղեկութիւնները, մէկ անգամ եւս արձանագրեցին՝ լուծուած չէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։ Ուստի, Հայ Դատի ցանցը պիտի շարունակէ հակամարտութեան եւ անոր աւելի ծանրացած եւ խորացած հանգամանքներու միջազգային հանրահռչակումը՝ առաջնահերթութիւն համարելով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական ու միջազգային ամբողջական երաշխաւորութեամբ վերադարձի իրաւունքի իւրացումը։
Խորհրդաժողովին քննարկուեցան նաեւ Արցախի հոգեւոր եւ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը։ Անոր ուղղուած որոշակի գործողութիւններուն մասին ընդունուած են որոշումներ, որոնք կ’ենթադրեն համագործակցութիւն հայկական, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին պետութիւններու հետ։
Յատուկ քննարկումի արժանացած են Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղքականութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան բացասական հետեւանքներուն դիմագրաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի արտաքին ճակատը լուսաբանելու քայլերը։
Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ տեղերու մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու կարողականութիւններու զարգացման, համայնքային կապերու ամրապնդման ու երիտասարդութեան ներգրաւման վերաբերող հարցեր։
Խորհրդաժողովը, 28 Մայիսի ուշ երեկոյեան իր աշխատանքները աւարտեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ-ի հետ հանդիպումով ու Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ։
29 Մայիսին գումարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նիստը, որ ճշդեց խորհրդաժողովի որոշումներու իրագործման ուղղուած աշխատանքային ծրագիրը։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
30․ 05․ 2024թ․