Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ սկիզբ առած «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի բողոքի գործողութիւններուն՝ յայտարարելով, որ կ’աջակցի խաղաղ բողոքի ցոյցի իրաւունքին:
«Մենք կը դիմենք Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի միւս բոլոր կառավարութիւններուն՝ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ յարգելու մարդոց անհամաձայնութիւնը արտայայտելու հիմնարար իրաւունքը», գրած է կազմակերպութիւնը:
Լեմքինի հիմնարկը, վկայակոչելով ՀՀ ոստիկանութեան տուեալները, նշած է, որ ձերբակալուած են առնուազն 88 մարդիկ, որոնք փորձած են փակել փողոցները երկրի մայրաքաղաքին մէջ՝ ի նշան Ատրպէյճանին հողեր զիջելու կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ բողոքի։
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ ցուցարարները վրդոված են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անցեալ ամիս քանի մը սահմանամերձ գիւղ Ատրպէյճանին յանձնելու որոշումէն։ Որոշումը շատերը զայրացուցած է Հայաստանի մէջ, իսկ խորհրդարանի մէջ ընդդիմութիւնը ըսած է, որ պիտի փորձէ Փաշինեանի դէմ հարցապնդումի գործընթաց սկսիլ։