Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) յոյս ունի, որ Երեւան պիտի յստակացնէ կառոյցի հետ իր յարաբերութիւններու հեռանկարները։ Այս մասին Ալմաթիի մէջ ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԽՎ) խորհուրդի նիստին յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով, գրած է ТАСС-ը:
«Յոյսով ենք, որ հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը պիտի յստակացնէ ՀԱՊԿ-ի հետ իր յարաբերութիւններու հեռանկարները: Ատիկա ձեռնտու պիտի ըլլայ մեր միութեան բոլոր մասնակիցներուն, առաջին հերթին՝ ապագայ միատեղ գործունէութեան լիարժէք ծրագրաւորման համար», ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ, գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ «վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի գործընկերները զգալիօրէն կրճատած են իրենց մասնակցութիւնը կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն»։
«Այնուամենայնիւ, փոխգործակցութեան հիմնական ձեւաչափերը կը գործեն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ, այս երկրին նկատմամբ բոլոր պարտաւորութււնները կը պահպանուին ամբողջութեամբ», ընդգծած է Թասմաղամպեթով։