«Երկրի հիւրասրահ» պատկերասփռուած յայտագիրը հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Զրոյցի ընթացքին ան անդրադարձ կատարեց «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումին` դիտել տալով, որ Հայաստան կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ այս շարժումը արդէն անխուսափելի էր:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ անկարելի էր անտեսել հայրենիքը մաս առ մաս թշնամիին յանձնելու այս գործընթացը` աւելցնելով, որ միեւնոյն ատեն միանգամայն բնական էր շարժումին` Տաւուշէն ընթացք առնելու հանգամանքը, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները` տեղի տալով Ատրպէյճանի ճնշումներուն, սահմանազատումն ու սահմանագծումը սկսան ինքնին Տաւուշի մարզէն, ուր կը գտնուին մեր ամէնէն ապահով դիրքերը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական սրող հարցերու, որոնք պայմանաւորուած են շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերին կտրուկ աճով, որուն իբրեւ հետեւանք կարելի է դիտարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն անհետեւողական ու խուսափողական քաղաքականութիւնը:
Խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայ դիւանագիտութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ դիւանագիտական աշխատանքը պէտք է ըլլայ աւելի համարձակ, որովհետեւ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ: