Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին տեղափոխող ուղղաթիռի կործանումը ուղղաթիռի սարքերու ճարտարագիտական թերութեան արդիւնք է։
Այս մասին գրած է իրանական «IRNA» գործակալութիւնը։
«Ռայիսին զոհուած է 19 Մայիսին ուղղաթիռի ճարտարագիտական սարքերու թերութեան պատճառով տեղի ունեցած արկածի հետեւանքով», ըսուած է յօդուածին մէջ։
Աւելի ուշ «Արմէնփրէս» յայտնած էր, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռը վայրէջք կատարելու ընթացքին կործանած էր Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ, երբ ան երկրի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ կը վերադառնար Իրանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գտնուող ջրամբարի բացման արարողութենէն։ Կործանած ուղղաթիռին մէջ գտնուողներէն ոչ ոք ողջ մնացած է։
Համաձայն Իրանի սահմանադրութեան՝ նախագահի մահուան պարագային նախագահի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ երկրի առաջին փոխնախագահ Մուհամմետ Մուխպեր մինչեւ նոր ընտրութիւններ։