Քարոզչական բնագաւառէն ներս կարեւոր տեղ գրաւող Սուրիոյ առաջին հայկական ձայնասփիւռը՝ Ռատիո Երազը բոլորեց իր հիմնադրութեան 15-ամեակը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան ձայնը արտացոլացնող Ռատիո Երազին 15-ամեայ յոբելեանի յիշատակումը։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը, Հոգեշնորհ հայր սուրբեր, Ազգ. Վարչութեան
անդամներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, Պատկան Մարմնի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով Անժելա Չաղլասեան անդրադարձաւ Ռատիո Երազի հիմնադրութեան ու սուրիահայ լրագրական դաշտին մէջ անոր կարեւոր դերակատարութեան, նշելով, որ «Երազ իմ երկիր հայրենի» նշանաբանով գործող Ռատիո Երազը, 2009-էն սկսեալ յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները եւ ի հեճուկս Սուրիոյ պատերազմին ու աղէտալի երկրաշարժին, չդադրեցաւ աշխատանքէ, այլ որպէս ստոյգ աղբիւր շարունակեց ժողովուրդին ներկայացնել իր ծրագիրները, լուրերու սփռումը, ինչպէս նաեւ միութիւններու կազմակերպած զանազան ձեռնարկները՝ հաղորդումներու եւ ուղիղ սփռումներու միջոցով:
Օրուան հանդիսավարն էր Սարին Ուրիշիկեան։
Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Ռատիո Երազին երթը ամփոփող տեսերիզ մը, ուր հակիրճ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ ռատիոյի 15 տարիներու ընթացքին իրականացուցած ծրագիրներուն:
Խօսք առաւ փաստաբան, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս, ՀՀ պետական պատկերասփիւռի Հալէպի ներկայացուցիչ մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, որ յայտնեց, թէ Ռատիո Երազի 15-ամեայ գործունէութեան ընթացքին ամէնէն ուշագրաւ կէտերէն մէկը եղաւ անընդմէջ նորութիւններ ներառելու եւ յատկապէս վարժողական ծրագիրներու երեւոյթը:
Գաբրիէլեան հաստատեց, որ Ռատիո Երազը 15-ամեայ իր գործունէութեամբ քարոզչական բնագաւառէն ներս կրցաւ հասնիլ յաջողութեան եւ դառնալ վաւերական աղբիւր: Ան յիշեց ռատիոյի հիմնադիրներու ներկայացուցիչ Զարեհ Մալճեանը, որ կը հաւատար երիտասարդութեան անսահման ուժին եւ կարողութեան այս գործի յաջողութեան մէջ: Այս առիթով ան ջերմապէս շնորհաւորեց ռատիոերազականները:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, դիտել տալով, որ հակառակ այս շրջանին մէջ տիրող դժուարութիւններուն, ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ հոսանքն ի վեր նաւարկելու, եղածը պահելու եւ անոր վրայ նորը կառուցելու յըստակ վճռակամութիւն գոյութիւն ունի եւ Ռատիո Երազը ընդհանուր այս շղթային մէկ օղակն է, որ ժամանակակից բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործելով՝ հայ մամուլի ընդհանուր ընտանիքին մէջ նոր օղակ մը ամրապնդելու եւ զայն զարգացնելու յստակ վճռակամութիւն կը դրսեւորէ:
Ան հրաւիրեց ներկաները քաջալերելու հայկական իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդի ազգային, մշակութային եւ
հոգեւոր արժէքները պահպանող օղակները, որոնցմէ է Ռատիո Երազը: Այս առիթով, ան շնորհաւորեց Ռատիո Երազի անձնակազմը, մաղթելով 100-ամեակներ:
Ռատիո Երազի աշխատակիցներ՝ Գաբո Փոթուքեան, Զապէլ Թորոսեան, Քրիստին Համմասեան առցանց իրենց շնորհաւորական խօսքը ուղղեցին՝ վեր առնելով ռատիոյին դերը սուրիահայ կեանքի իրադարձութիւններու մեկնաբանման եւ ողջ հայաշխարհը սուրիահայութեան կեանքին իրազեկ դարձնելու մէջ։
Ապա ռատիոյի գործակից լրագրող Զահի Թահհան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ լրատուամիջոցներու կարեւոր դերին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ռատիո Երազին հետ գործակցութեան, յատկապէս արաբերէն լեզուով լուրերու հաղորդում իրականացնելուն համար:
Այս առիթով առցանց շնորհաւորական խօսք ուղղեցին նաեւ ռատիոյի արտօնատիրոջ նախկին ներկայացուցիչներ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանն ու տոքթ. Ռուբէն Գէորգեանը, հաստատելով, որ Ռատիո Երազը կարեւոր տեղ կը գրաւէ մեր լրատուամիջոցներու ցանցին մէջ եւ յառաջանալով, այսօր առցանց հեռուստաալիքի կարգավիճակ կը ստանայ:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը, որ յայտնեց, թէ Ռատիօ Երազը իր աշխատանքին ծնունդ տուաւ համեստ եւ խոնարհ սենեակի մը մէջ, բայց երազը իր մէջ պարփակելով ապագայատեսիլ նպատակներ հետապնդեց եւ 15 տարիներու մէջ գագաթ նուաճեց:
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, հայու աննահանջ կամք, աշխատանքի եռանդ եւ ստեղծագործ գաղափարներ ունեցող ռատիոյի երիտասարդ անձնակազմը շարունակեց իր գործունէութիւնը, որուն համար իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ իր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները ուղղեց անձնակազմի անդամներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Մարինա Պօղիկեան