Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ խստիւ դատապարտեց սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները, զանոնք միջազգային օրէնքներու խախտում համարելով: Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց. «Մոսկուա խստիւ կը դատապարտէ թշնամական նման գործողութիւններ, որոնք ոչ միայն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը կը խախտեն, այլեւ միջազգային օրէնքները»: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ նման քայլեր վտանգաւոր հետեւանքներ կրնան ունենալ: Ապա կոչ ուղղեց Իսրայէլի իշխանութիւններուն անմիջապէս դադրեցնելու նման վայրագ գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան ու անվտանգութեան: