Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Ալի Պաքիրի Քաննիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Նախարարութեան յարկէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, նախարար Մըքտատ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիա եւ Իրան ռազմավարական դաշնակիցներ են, յայտնելով, որ երկու երկիրներու մօտեցումները մէկ են Պաղեստինեան դատին նկատմամբ։ Երկու երկիրները Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհի շուտափոյթ դադրեցումը կը պահանջեն:
Նախարար Մըքտատ անգամ մը եւս նախագահ Պաշշատ ալ-Ասատի Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան ղեկավար Ալի Խամինաիի ցաւակցութիւնը փոխանցեց հանգուցեալ նախագահին եւ անոր ընկերակիցներուն մահուան առիթով, աւելցնելով, որ Ռայիսիի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան միջեւ բարեկամական եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւն գոյացած էր:
Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան կարգաւորման շուրջ նախարար Մըքտատ ըսաւ. «Սուրիական-թրքական երկխօսութեան գլխաւոր պայմանը Թուրքիոյ սուրիական գրաւուած հողերէն դուրս գալն է: Կարելի չէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական ուժերուն եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ներկայութիւնը ընդունիք, որովհետեւ ատիկա կը հակասէ երկու երկիրներու յարաբերութեան կարգաւորման ջանքերուն: Անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնը կարելի չէ կարգաւորել առանց Թուրքիոյ սուրիական հողերէն դուրս գալու պաշտօնական յայտարարութեան»:
Իր կարգին Իրանի ԱԳ.նախարարը ըսաւ. «Սուրիա ժամանեցի՝ Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ Իրանի հանդէպ իրենց ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին համար, յատկապէս նախագահ Ռայիսիի եւ իրեն ընկերակցողներու մահուան առիթով»: Պաքիրի յայտնեց, որ Իրան եւ Սուրիա ռազմավարական դաշնակիցներ ու տարածաշրջանի խաղաղութեան գլխաւոր դերակատարներն են: