Քաղաքական առաջնահերթութեամբ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը, Արցախի մէջ ցեղասպանութեան եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի բռնազաւթումին համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով, կը շարունակէ աշխատանքները ամերիկեան քոնկրէսին մէջ։ Ըստ այդմ, 2025 տարուան համար ներկայացուած «ԱՄՆ Ազգային պաշտպանական արտոնութիւններու շարժումին» ներկայացուած են թիւով տասը օրէնսդրական առաջարկներ։
Քոնկրեսականներուն կողմէն ներկայացուած դրոյթներուն մէջ առաջարկուած են լուծումներ, որոնք կ’արգիլեն ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կ’արգիլեն ամերիկեան զինուորական արտադրանքի թոյլտուութիւններու տրամադրումը Ատրպէյճանին եւ կը նախատեսեն հետաքննութիւն՝ պարզելու պատժամիջոցներէն խուսափելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան էութիւնը: Օրէնսդրական առաջարկները կը ներառեն նաեւ նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան բարձրացումին ուղղուած ամերիկեան աջակցութեան ձևաւորման՝ ներառեալ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ամերիկեան աջակցութիւնը։
Քոնկրէսի մէջ ներկայացուած առաջարկներուն մասին Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Անցեալ տարի Արցախի ցեղային զտումներուն համար ԱՄՆ-ի կողմէն համապատասխան պատժամիջոցներու չհանդիպելով՝ Ատրպէյճան այսօր գոյութենական սպառնալիք կը ներկայացնէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ գոյութեան։ Քոնկրեսը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ այնտեղ, ուր ԱՄՆ-ի իրարայաջորդ վարչակազմերը ձախողած են՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը, զսպելու վերսկսած յարձակումը եւ ապահովելու Արցախի բնիկ բնակչութեան անվտանգ ու ապահով վերադարձը իր պատմական հայրենիք՝ միջազգային պաշտպանութեան տակ»:
Առաջարկներ ներկայացուած են նաեւ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին։ Անոնց նպատակն է ապահովել վերահսկողութիւն եւ թափանցիկութիւն՝ ԱՄՆ-ի կողմէն Թուրքիոյ զէնք վաճառելու հարցով՝ միաժամանակ հետաքննելով, թէ արդեօ՞ք Թուրքիոյ ապակայունացնող պահուածքը տարածաշրջանին մէջ կը համապատասխանէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցէն առկայ ակնկալիքները:
Ներկայացուած առաջարկներու ընդունումի հասնելու համար՝ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակը կ’իրականացնէ ամերիկահայ համայնքի զօրաշարժին եւ յանձնախումբի համապատասխան տեղեկատուական հարթակներուն միջոցով, համայնքային ճնշումի ապահովում։