ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ

Պատմութեան մէջ 15-րդ անգամ ըլլալով Սպանիոյ արքայական ակումբը՝ Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ ձեռք ձգել Չեմփիընզ Լիկի բաժակը, աւարտական մրցումին 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գերմանիոյ Պորիսիա Տորթմոնտը: Չեմփիընզ Լիկի եզրափակիչ հանդիպումը տեղի ունեցաւ  Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ: Առաջին կիսախաղին,  Տորթմոնտի խաղացողները  մեծ ճնշում բանեցուցին մրցակիցին վրայ եւ քանի մը առիթով իսկական կոլային պահ ստեղծեցին Քուրթուայի դարպասին վրայ, բայց  չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին։ 49-րդ վայրկեանին, Քրոս, որ վերջին խաղացողն էր Ռէալի տարազով, կրնար բանալ խաղի հաշիւը, սակայն անոր հարուածած գնդակը Կոփել մատներուն ծայրով հեռացուց։ Մօտ 20 վայրկեան խումբերը պարբերաբար սպառնացին փոխադարձ դարպասներուն, սակայն 74-րդ վայրկեանին Թոնի Քրոսին բարձրացուցած անկիւնային  հարուածէն օգտուելով, Տանի Քարուահալը գլուխով նշանակեց  Ռէալի առաջին կոլը, որմէ ետք Անչելոթիի խաղացողները շարունակեցին իրենց յարձակումները մինչեւ  83-րդ վայրկեան, ուր մատրիտցիները  կրկնապատկեցին արդիւնքը շնորհիւ         Վինիսիուս Ժունիըրին:  Յիշեցնենք, որ այս խաղը ակումբային մակարդակով վերջինն էր ինչպէս Թոնի Քրոսին, նոյնպէս ալ Տորթմոնտի  ֆութպոլիստ Մարքօ Ռոյսի համար, որ խաղադաշտ մուտք գործեց 72-րդ վայրկեանին:

ՏԱՆԻ ՔԱՐՈՒԱՀԱԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ ԴԱՐՁԱՒ

Ռէալ Մատրիտի պաշտպան Տանի Քարուահալ դարձաւ Չեմփիընզ Լիկի  եզրափակիչ հանդիպումի լաւագոյն խաղացողը։ Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն կատարեց  ՈւԵՖԱ-ի մամլոյ ծառայութիւնը։

32-ամեայ սպանացին 74-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով բա-ցուած յայտարարեց Ռէալին հաշիւը: Այս կոլը Քարուահալին  համար առաջինն էր Չեմփիընզ Լիկի 2023-2024 թուականի մրցաշրջանին։

ԱՆՉԵԼՈԹԻ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ՀԻՆԳ ՏԻՏՂՈՍԻ ԱՐԺԱՆԱՑՈՂ ՄԻԱԿ ՄԱՐԶԻՉՆ Է

Ռէալ Մատրիտի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Գարլո Անչելոթի Չեմփիընզ Լիկի գաւաթը 5 անգամ նուաճած միակ մարզիչն է պատմութեան մէջ: Լոնտոնի Ուեմպլի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած եզրափակիչին,  Արքայական ակումբը  սպանացի պաշտպան Քարուահալի եւ պրազիլցի յարձակող  Վինիսիուս Ժունիըրի կոլերուն շնորհիւ պարտութեան մատնեց Տորթմոնտը եւ նուաճեց Եւրոպայի ակումբներու բարձրագոյն տիտղոսը: Անչելոթին երրորդ անգամ նուաճեց այս տիտղոսը Ռէալին հետ (2014, 2022, 2024)։ Ան երկու անգամ նոյն տիտղոսին արժանացած էր Միլան խումբին հետ՝ 2003, 2007 թուականներուն:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան