Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ իրեն ընկերակցող ազգային պատուիրակութիւնը, Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2024-ին, Դամասկոսի մէջ այցելութիւն տուին Սուրիոյ Կարմիր Մահիկի ընդհ. տնօրէն Խալէտ Հպուպաթիին։
Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Նպաստից Մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան եւ ազգայիններ Արմէն Ուրֆալեան եւ Սուրէն Վարդանեան։
Մտերմիկ հանդիպումին արծարծուեցան փոխ գործակցութեան կարելիութիւնները։
Կարմիր Մահիկի տնօրէնը անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ կազմակերպութեան տարած մարդասիրական գործունէութեան, պատրաստակամութիւն յայտնեց զանազան բնագաւառներէ ներս օգտակար դառնալու համայնքի զաւակներուն։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գործակցութեան ոգիով կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց Կարմիր Մահիկի անձնակազմին եւ անոր յառաջիկայ գործունէութիւններուն։ Այցելութեան առիթով, Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի նշանակը կրող յուշանուէր մը յանձնեց ընդհ. տնօրէնին։