Իրանական կողմը հանդէս եկած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, սակայն չէ ընդունած տարածաշրջանային սահմաններու փոփոխութիւնները։ Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Բաղերի Քանին յայտարարած է CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Դիւանագէտը, հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման համար պատասխանելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին հարցումին, ըսած է.«Իրանական կողմը կ’աջակցի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանի զարգացման, մասնաւորապէս՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն Թեհրանը դէմ է որեւէ նախագիծերու եւ նախաձեռնութիւններու, որոնք կը փոխեն տարածաշրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ սահմանները»։