Թրքական մամուլին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ 10 Յունիսին Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընդառաջ լուսարձակի տակ կը բերուին երկու երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն առնչուող գնահատականներ:

«Էրմէնիհապէր»-ի համաձայն, կ՚ընդգծուի, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդէն 32 տարիէ ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են, ինչպէս նաեւ, որ երկու երկիրներու համագործակցութեան գծով Էրտողանի եւ Ալիևի նախագահութեան տարիներուն ընդգծելի յառաջընթաց արձանագրուած է, յատկապէս անոնց անձնական ջերմ յարաբերութիւններուն շնորհիւ։

Կը յիշատակուի նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատրերազմէն ետք ատրպէյճանական բռնագրաւման ներքեւ գտնուող հայկական Շուշի քաղաքին մէջ 15 Յունիսի 2021-ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած հռչակագիրին մասին, որով երկկողմ յարաբերութիւնները բարձրացուած են «ռազմավարական դաշնակցութեան» մակարդակի:

Մամուլի մէջ կը շրջանառուի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ առևտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մասին, որոնց համաձայն՝ անոնք հասած են 7,5 մլր. տոլարի, իսկ փոխադարձ ներդրումները՝ 34 մլր. տոլարի:

Նշուած է, որ երկու երկիրները տարիներ շարունակ մեծ նշանակութիւն տուած են նաեւ միատեղ կենսուժի և փոխադրութեան ծրագիրներուն:

Որպէս օրինակներ յիշուած են «Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան», «Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում», գազատարները և «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս» երկաթուղին:

Նշուած է նաև այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին, որ սահմանուած է որպէս երկուստէք մեծ կարևորութիւն ունեցող նպատակ։
Ընդգծոպած է «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ» (ԹՊԿ-TDT) Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի ունեցած առանցքային դերը և նախանշուած երկու երկիրներու համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելու նպատակով բարձր մակարդակի այցելութիւնները և նոր ծրագիրներու նախատեսումը։

Յիշեցնենք, որ Ալիև Անգարա պիտի մեկնի Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրով: