«ԱՄՆ պիտի շարունակէ գործակցիլ Հայաստանի հետ ապահովութեան ու պաշտպանութեան ոլորտներուն գծով», ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստին իր ունեցած ելոյթին ընթացքին այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով պետական փոխքարտուղար Ճէյմս Օ՚Պրայն։
Ան դիտել տուած է որ ԱՄՆ կ՚աջակցի նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կ՚աշխատի տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման համար։
«Գիտենք, որ Հայաստանի համար ապահովութիւնը, բարեկեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կողք կողքի գոյութիւն ունին։ Այդ ուղղութիւններով իրականացուող բոլոր ջանքերուն կ՛աջակցինք։ Մենք կ՚աջակցինք նաև տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։ Մենք կ՚աշխատինք տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման համար՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով։ Եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, այդ կարելիութիւնները աւելի լայն կ՚ըլլան», աւելցուցած է ԱՄՆ պետական
փոխքարտուղարը։
«Մեր ծրագիրն է ռազմավարական այս երկխօսութիւնը փոխարինել ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովով, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ աւելի մեծ խորութեամբ կառուցելու փոխգործակցութիւնը», եզրափակած է Ճէյմս Օ՚Պրայն։