Քաղաքագէտ, միջինարեւելեան հակամարտութիւններու փորձագէտ Քիրիլ Սեմյոնով Alpha News-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները դէմ են Անդրկովկասի գործերուն արտատարածաշրջանային խաղացողներու միջամտութեան։
Փորձագէտին կարծիքով ՝ Ռուսիա եւ Իրան շահագրգռուած չեն արտատարածաշրջանային ուժերու Անդրկովկասի տարածքին մէջ հաստատումով։
«Իրանի համար անվտանգութեան հարցը հիմնարար նշանակութիւն ունի։ Նախապէս Իրանին սպառնացող հիմնական վտանգը կու գար Ատրպէյճանէն եւ Իսրայէլի հետ անոր համագործակցութենէն, իսկ այժմ Իրանը որոշակի մտահոգութիւններ ունի Հայաստանի հետ կապուած՝ նկատի առնելով այն խումբը, որ կը վարէ Նիկոլ Փաշինեանը, նկատի առնելով անոր սերտ համագործակցութիւնը ԱՄՆ յատուկ ծառայութիւններու հետ։ Հայաստան եկած են ԿՀՎ-ի եւ Իրանի համար թշնամական այլ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ատիկա Իրանի համար ազդանշան է», ըսած է Սեմյոնով։
Անոր համաձայն, Ռուսիա նոյնպէս շահագրգռուած չէ, որ արտատարածաշրջանային ուժեր հաստատուին Անդրկովկասի տարածքին։ «Խօսքը առաջին հերթին ՆԱԹՕ-ի անդամներուն մասին է», եզրափակած է Սեմյոնով։