Ամերիկացի 15 ուսուցիչ այս տարի կը մասնակցի Ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութեան ծրագիրին, որ կ’իրականացուի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համագործակցութեամբ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը։
«Արդէն երրորդ տարին անընդմէջ Ամերիկեան «Genocide Education Project» կազմակերպութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան
թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով, կը կազմակերպէ ամերիկացի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր, որ այս տարի տեղի կ’ունենայ 7-14 Յուլիս 2024-ին։ Ծրագիրը շարունակական է: Այս որոշման վրայ ազդած է նախորդ տարուան փորձը, ինչպէս նաեւ վերապատրաստուած ուսուցիչներու մէկ տարուան արդիւնաւէտ աշխատանքը ԱՄՆ տարբեր նահանգներու ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ:
Այս տարի ծրագիրին կը մասնակցին 15 ուսուցիչներ՝ ԱՄՆ 15 տարբեր նահանգներէ։
Ծրագիրի 2024 թ. մասնակիցները, ծանօթանալով Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման մեթոտներուն, շեշտադրումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի արխիւային նիւթերուն, թանգարանի թեմատիկ շեշտադրումներուն, պարտաւորուած են ծրագիրի աւարտէն վերջ վերապատրաստել իրենց նահանգներու այլ ուսուցիչները, մասնակցիլ նահանգային գիտաժողովներուն՝ ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատրաստել մէկ դասի ծրագիր:
Վերապատրաստման ծրագիրին մէկ մասը պիտի կատարուի ՀՑԹԻ գիտաժողովներու սրահին մէջ՝ դասախօսութիւն-գործնական պարապմունք ձեւաչափով: Մասնակիցներուն պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնները՝ միաժամանակ ցոյց տալով այդ յանցագործութեան, անոր պետական անպատժելիութեան, թրքական ժխտողականութեան ունեցած երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ձեւաւորուած ներկայիս քաղաքական իրավիճակին, տնտեսական իրադրութեան վրայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: