ԳԻՏԷ՞Ք ԹԷ ԻՆՉԵՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՁԵՐ ՀԻՆՑԱԾ ՏԱԲԱՏՆԵՐՈՎ
Ճինզ տաբատները մեր պահարաններու հիմնական բաղադրիչներն են։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը պահարանին մէջ անպայման կ’ունենայ մէկէ աւելի ճինզ տաբատներ, երբեմն նորաձեւութեան չհամապատասխանող կամ տեղ-տեղ մաշած։ Նման տաբատներ թէեւ չենք հագուիր, բայց կարելի է զանոնք ձեւափոխել եւ օգտագործել՝ այլազան նպատակներու ծառայեցնելով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ճինզերու վերամշակման եւ օգտագործման քանի մը գաղափար:
ԲԱԶՄՈՑԻ ՎՐԱՅ ԶԵՏԵՂԵԼՈՒ ՃԻՆԶԷ ԴԱՐԱՆ
Դժգո՞հ էք ձեր ճինզին գրպաններէն կամ նորաձեւութեան անհամապատասխան ըլլալէն,օգտագործեցէ՛ք անոր կտորը՝ բազմոցին վրայ տեղադրելի շատ օգտակար դարան մը պատրաստելու եւ անոր մէջ տեղաւորելու ձեր հեռակառավարման վահանակներն ու թերթերը կամ տետրերը, նոյնիսկ բջջային հեռաձայնները:
Այս դարանը պատրաստելու համար օգտագործել բարակ կտորով ճինզ տաբատ կամ հագուստ։ Տաբատի ոտքի բաժինները կտրելով կտորը լայնքին բացէ՛ք,վարի մասէն փոքր կտորներ տարբեր լայնքերով կտրեցէ՛ք, ապա կտորի երկար բաժինին եզերքը երիզներ կարեցէ՛ք։ Ետքը կտորին մէկ մասը հասակին ծալլեցէ՛ք ու կարեցէ՛ք, այնպէս մը որ բացուածք ունենայ ու թերթ դնելու տեղ ըլլայ, ինչպէս կ’երեւի նկարին մէջ։ Ծալլուած բաժինին վրայ կարեցէ՛ք փոքր կտորները որպէս գրպաններ, իւրաքանչիւրը առանձին կարով զատելով կողքի գրպանէն, այնպէս մը, որ կարելի ըլլայ վահանակներ կամ ձեր ակնոցը տեղադրել անոնց մէջ։ Գրպանները կրնան ըլլալ ձեր նախասիրած չափերով։
Կարելի է տաբատի ետեւի բաժինի կտորը իր գրպաններով օգտագործել։ Այս պարագային առանձին գրպաններ կարելու կարիք չկայ, տաբատին գրպանները կարելի է օգտագործել ձեր վահանակները կամ ակնոցը դնելու։
Արդէն ճինզէ դարանը պատրաստ է։ Զետեղեցէ՛ք զայն բազկաթոռին վրայ։
ՃԻՆԶԷ ԳՈԳՆՈՑ
Տաբատի մէջքի բաժինը կտրեցէ՛ք եւ երկուքի բաժնեցէ՛ք։ Ետեւի գրպաններով մասէն կարելի է գոգնոց պատրաստել։
Գրպաններով բաժինը մէջքի առջեւի բաժինէն զատելէ ետք, չորս կողմը կարեցէ՛ք, իսկ գօտիին բաժինը կերպասէ գործնական գօտի մը անցուցէ՛ք եւ կապեցէ՛ք զայն ձեր մէջքին։
Գոգնոցին մէջ կրնաք տեղադրել ձեր առօրեայ օգտագործելիք իրերը, կամ եթէ դերձակ էք, ձեր մկրատն ու դերձանները։
ԳԻՆԻԻ ՇԻՇԻ ՊԱՏԵԱՆ՝ ՃԻՆԶՈՎ
Կարելի է ձեր ճինզ տաբատի ոտքերուն վարի՝ նեղ բաժինը օգտագործել գինիի շիշի պատեան պատրաստելու համար։
Կտրեցէ՛ք ճինզ տաբատի ոտքերուն վարի մասը, ապա կարեցէ՛ք երկու կողմերն ու վարի մասը՝ վերը բաց ձգելով, որպէսզի շիշը այնտեղէն մտցնէք կտորին մէջ։ Գինիի շիշը պատեանին մէջ տեղադրելէ ետք, շիշին վերի մասը կապեցէ՛ք խսիրէ բարակ պարանով ու զարդարեցէ՛ք համապատասխան ձեռային վարդերով։
Կարելի է շիշին պատեանը կապելու համար ճինզի մնացեալ կտորէն բարակ կապեր պատրաստել ու անով կապել պատեանին վերի մասը, ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ։
***
ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՆՆԴԱԳԷՏՆԵՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՆ ՎԱՐՍԱԿԻ ՓԱԹԻԼՆԵՐ ՈՒՏԵԼ
Համեղ, կուշտ պահող, սննդարար… վարսակի փաթիլները պատրաստելու զանազան ձեւեր կան։ Steptohealth.ru կայքը ներկայացուցած է, թէ ինչո՛ւ պէտք է ամէն առաւօտ վարսակի փաթիլներ օգտագործել։
Վարսակի փաթիլները՝
-Կը նուազեցնեն արեան մաղձաճարպը (քոլեսթերոլ),
-Իրենց ունեցած բջջային նիւթերուն շնորհիւ կը նպաստեն սրտի առողջութեան,
– Օրուան ընթացքին կուշտ կը պահեն անձը,
-Կը պարունակեն հակաօքսիտանդներ, հետեւաբար կը կանխեն քաղցկեղի յառաջացումը,
-Հարուստ են երկաթով, կրածինով (քալսիում) եւ այլ կենսանիւթերով,
-Հարուստ են սպիտակուցով (փրոթէին),
-Իրենց պարունակած ածխաջուրերուն շնորհիւ կենսուժ կը հայթայթեն մարմինին,
-Կը հաւասարակշռեն արեան շաքարի մակարդակը,
-Կը կանխարգիլեն պնդութիւնը, որովհետեւ աղիքները մաքրելու յատկութիւն ունին,
-Միզամուղ յատկութիւն ունին, հետեւաբար օգտակար են արեան բարձր ճնշում կամ մարմնին մէջ ջուրի կուտակում ունեցողներուն։