Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի «Լէօ Սարգսեան» և «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» կրթական ծրագիրներու երիտասարդները ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ երկու օրուան ընթացքին հանդիպած եւ հայկական հիմնախնդիրներու մասին իրազեկած են Քոնկրէսի աւելի քան 400 գրասենեակներու աշխատակիցներուն։ Քարոզչական բնոյթի այս արշաւին կիզակէտը եղած է Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար ձերբակալուած և խոշտանգուած հայ գերիներու հարցին ներկայացումը Քոնկրէսի մէջ ատրպէյճանական լոպպիին հակազդումը։
Հայ Դատի Յանձնախումբի երիտասարդները կը կրէին գազակներ, որոնց վրայ պատկերուած էին Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան լուսանկարները՝ այդպիսով ուշադրութիւն հրաւիրելով ընդհանուր առմամբ յայտնի քսաներեք գերեվարուած անձանց ազատ արձակման հարցին։
Երիտասարդները ԱՄՆ օրէնսդիրներուն կոչ ուղղած են ձեռնարկելու անմիջական գործողութիւններ՝ ապահովելու հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը, ինչպէս նաև ներքին օրէնսդրութեան կիրառմամբ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը՝ իր գործած ռազմական յանցագործութիւններուն համար։
Երիտասարդները այնուհետև ցուցադրական քայլով շարուած և ողջունած են Քոնկրէսի աշխատակիցները, ովքեր կը մասնակցէին Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած ճեպազրոյցին՝ այդ ձեւով յիշեցնելով Ատրպէյճանի հակահայկական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
13 Յուլիս 2024