Խորագիրը թերեւս տարօրինակ կամ արտառոց թուի շատերուն, մանաւանդ երբ դիտեն այս դիմանկարները, որոնք արուեստի գործեր են եւ անիմաց դիտորդին համար ոչ մէկ առնչութիւն կրնան ունենալ մահուան եւ թաղումի հետ:
Սակայն այս դիմանկարները իրապէ՛ս թաղմանական են. անոնց մեծագոյն հաւաքածոն պեղուած է Ֆայյումի (Եգիպտոս) շրջանէն, այդ պատճառով ալ կը կոչուին Ֆայյումի թաղմանական դիմանկարներ (Fayyoum Funerary Portraits):
Շատ վաղուց եղեր է իմ հանդիպումս անոնցմէ մէկուն՝«Ֆայյումի Աղջիկ»-ին հետ, երբ տակաւին Ճեմարանական էի եւ ոչ մէկ գաղափար ունէի Եգիպտոսի հնութիւններուն մասին: Մօրս նուէր տրուած եւրոպական մեծ օրացոյցի մը 12 նկարներէն մէկն էր այս դիմանկարը, որ շատ սիրելուս փակցուցեր էի անկողնիս դիմացի պատին: Կը դիտէի զայն եւ միշտ նոյն հարցումը կը չարչրկէր միտքս՝ այս աղջիկը՝ այսքան երիտասարդ, այսքան գեղեցիկ, ինչո՞ւ այսքան տխուր է, եւ ի՞նչն է որ այսքան վախցուցեր է զինք …
Անշուշտ պատասխանը պիտի գար շա՜տ ուշ, տասնամեակներ ետք, երբ հասկցայ թէ մահէն թերեւս քանի մը օր առաջ, կամ մահէն անմիջապէս ետք իրագործուած է այս գեղանկարը, ինչպէս եւ նման այլ դիմանկարներ:
Եգիպտոսի հռոմէական կայսերական շրջանի թաղման դիմանկարները զարմանալիօրէն բնական են, իրագործուած խիստ իրապաշտական ոճով: Դիմանկարներուն մէջ ստուերներուն եւ բնական գիծերուն գոյութիւնը ստեղծած են նմանօրինակները այդ ժամանակաշրջանի ազնուական դասու մահացած անձերուն, միաձուլելով եգիպտական մոմիաներուն ոճը յունա-հռոմէական ոճին, մահացածներուն յիշատակը յաւիտենութեան յանձնելու համար:
Թաղմանական դիմանկարներու այս սովորութիւն-արուեստը սկսեր է առաջին դարուն, Եգիպտոսի հռոմէական շրջանին եւ տեւեր մինչեւ երրորդ դար:
Ընդհանրապէս իրագործուած են ժանտաթզենիի (Sycamore-tree) փայտի վրայ, դեմբերայով կամ մոմաներկով, ապա կպցուեր են կամ կապուեր մահացածին զմռսուած մարմնի պատանքին:
Արուեստի պատմաբանները կ’ըսեն, թէ այս դիմանկարներէն 900 օրինակներ գոյութիւն ունին, որոնք մաս կը կազմեն ամբողջ աշխարհի հաւաքածոներուն: Արուեստի գործերու միջնորդներ, հնագէտներ եւ եւրոպացի «հաւաքորդ»ներ անոնց մեծ մասը ձեռք ձգեր են Ֆայյումի շրջանէն, 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն: Այս դիմանկարներէն մաս մը անորոշ ծագում ունի, մինչ կարեւոր մասի մը տուեալները յստակ են:
2010-էն, այն պահուն երբ սկսաւ Միջին Արեւելքի եւ արաբական երկիրներուն ահաւոր «գարուն»-ը, Արեւմուտքը, կարծես զգալով բացառիկ առիթը շարունակելու վաղուց՝ 19-րդ դարէն սկսուած կողոպուտը, նոր հետաքրքրութիւն մը սկսաւ ցուցաբերել այս դիմանկարներուն հանդէպ, նոր փորձեր սկսան կատարուիլ ստեղծուած թոհուբոհին մէջ կրկին հնագիտական արժէք ունեցող իրերու կողոպուտին համար:
Ֆայյումի դիմանկարներուն կրկնակի արժէքը, արուեստի կողքին, կու գայ այն իրողութենէն, որ անոնք կը միաձուլեն եգիպտականն ու յունա-հռոմէականը, միաժամանակ միաձուլելով եգիպտական թաղմանական ծէսերը հռոմէական «յիշատակի պահպանում»-ին հետ:
Մինչեւ անոնց վերջնական անուանումը՝ Ֆայյումի Թաղմանական դիմանկարներ, քանի մը անուանումներ ունեցեր է դիմանկարներու այս հաւաքածոն՝ նախ սխալմամբ կարծուեր է թէ գոբթական-ղպտի արուեստի նմուշներ են անոնք, ապա հռոմէական որակուեր են, մինչեւ որ ի վերջոյ կոչուեր են գտնուած վայրին՝ Ֆայյումի անունով:
Ֆայյումի դիմանկարները հաւասարապէս եգիպտական են, ինչպէս եւ յունա-հռոմէական, եւ կը միացնեն այս երեք մշակոյթներուն հաւատալիքները մահուան եւ անդենական կեանքի մասին. այդ պատճառով ալ պատրաստութիւնները այդ կեանքին համար նման են այս երեք մշակոյթներուն մէջ, որովհետեւ այդ ժողովուրդները ուզած են, որ իրենց սիրելիները լիովին պատրաստ ըլլան  անդենական կեանքը դիմաւորելու համար:
Ֆայյումի դիմանկարները կը միացնեն յաւիտենութեան երկու ձեւերը՝ մարմիններու զմռսումը կը պահէ մարմինը, իսկ դիմանկարները ցոյց կու տան թէ ի՞նչ դէմք եւ դիմագիծ ունէին անոնք իրենց ասդենականին մէջ:
Անոնք կը հաւատային, որ հոգին կը շարունակէ մարմնին մէջ ապրիլ. պարզապէս պէտք է մահուան գետը անցնի, որուն միւս ափը երբ հասնի, մարմինը պատրաստ պէտք է ըլլայ կրկին ընդունելու հոգին:
Կարգ մը դիմանկարներու մէջ շրթունքները ոսկեգոյն ներկուած են. ասիկա կը խորհրդանշէ այն ծէսը, որուն ընթացքին քուրմերէն մէկը «բերան բանալու» արարողութիւնը կ’ընէր, այսինքն կը պատրաստէր բերանը գալիք կեանքին համար, ուտելու եւ խմելու. որովհետեւ դամբարաններուն մէջ նաեւ ուտեստ կը դրուէր: Այստեղ հետաքրքրական է նշել, թէ հին Եգիպտոսի դամբարաններէն մէկուն մէջ փարչով պահուած եւ անխաթար մնացած մեղր գտնուեր է …
Բայց մեծ չէ թիւը ոսկեգոյն շրթունքներ ունեցող դիմանկարներուն:
Դիմանկարը հին հռոմէական բարձրաստիճան մարդոց թաղման կարեւոր մասն էր: Բարձր դասակարգի հռոմէական պատրիարքները նոյնիսկ մահէն առաջ իսկ իրենց դիմանկարը պատրաստել կու տային: Մահէն ետք, ընտանիքը, որ այդ նկարը պահած կ’ըլլար, կ’օգտագործէր զայն որպէս թաղմանական նկար:
Դիտորդը պիտի նկատէ, գրեթէ բոլոր դիմանկարներուն մէջ, ոսկիի եւ զարդեղէնի առատութիւնը (ոսկեթերթերու օգտագործումով), ինչ որ կը նշանակէ թէ անոնք հարուստ մարդիկ էին: Արդէն հին Եգիպտոսի մէջ միայն հարուստներն ու կառավարող դասակարգն էր որ կրնար զմռսումի ծախսերը հոգալ:
Նկատելի է նաեւ դափնեպսակներուն գոյութիւնը, մանաւանդ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու դիմանկարներուն մէջ, որովհետեւ դափնին յաղթանակ եւ յաւիտենութիւն կը խորհրդանշէր հին հռոմէացիներուն համար:
Մանրամասն ուսումնասիրութիւնը այս դիմանկարներուն կրնայ բացայայտել անոնց իրագործումի ճշգրիտ (համեմատաբար ճշգրիտ) թուականը. օրինակ կնոջ մը մազերուն հիւսակներով յարդարանքը կը նշէ հռոմէացի Թրայան կայսեր ժամանակաշրջանը՝ 98-117:
Այս նկարներուն մէջ նոյնիսկ լոյսի եւ մութի խաղեր կան, խորք ստեղծելու նպատակով, բան մը որ բաւական ետք՝ 17-րդ դարուն կը գտնենք եւրոպական նկարչութեան մէջ:
Մեծ, սովորականէն աւելի մեծ նկարուած աչքերը, որոնք խորք կու տան նայուածքին, ընդհանրութիւն են այս նկարներուն պարագային:
Պէտք է նշել նաեւ, որ եղած են դիմանկարներ, որոնք ոչ թէ մէկ, այլ երկու, երբեմն երեք անձերու դէմքերը միացուցած են մէկ նկարի մէջ, հաւանաբար երբ անոնք միասին կամ միաժամանակ մահացած են:
Ֆայյումի դիմանկարները, իրենց գեղեցկութեան եւ անսովոր իրապաշտութեան համար կոչուած են «ամենահին արդիական նկարներ»:
Ֆայյումի դիմանկարները իրագործուած են եգիպտացիներու, յոյներու եւ հռոմէացիներու կողմէ, Ափրիկէի մէջ: Ասիկա կը հաստատէ, թէ արեւմտեան, մանաւանդ Եւրոպական մշակոյթները միակը չեն արուեստի բնագաւառին մէջ, եւ թէ «Արեւմուտք, եւ մնացեալք» տարբերակումը ոչ միայն ճիշդ չէ, այլ նաեւ անաչառ մօտեցում չէ:
Խորհուրդ կու տամ համացանցին մէջ Fayyoum Funerary Portraits գրել եւ ամբողջական հաւաքածոն դիտել թաղմանական այս դիմանկարներուն, գեղարուեստական վայելքի համար:
Մարուշ Երամեան