Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը վարչական կարգով հրաման մը արձակեց, որուն համաձայն 1 Սեպտեմբեր 2024-ին կը զօրացրուին հետեւեալ զինուորական կարգերը ունեցող զինուորական ծառայողները․

-Զինուորական պահեստային ծառայութեան կոչուած սպաներ, որոնք կը բոլորեն աւելի քան մէկ տարուան պահեստային ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2024:

-Զինուորական պահեստային եւ պարտադիր ծառայութիւն ունեցող աստիճանաւոր սպաներ ու զինուորներ, որոնք կը բոլորեն աւելի քան հինգ ու կէս տարուան պահեստային ծառայութիւնը՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2024:

-Զինուորական պահեստային եւ պարտադիր ծառայութիւն ունեցող աստիճանաւոր սպաներ ու զինուորներ, որոնք 38 տարիքը բոլորելով աւելի քան երկու տարուան պահեստային ծառայութիւնը կ’ամբողջացնեն՝ մինչեւ 31 Օգոստոս 2024: