Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան համաձայն 2023-2024 տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններու արձանագրութիւնը սկսած է Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին,առաւօտեան ժամը 8:00-ին, սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ Կրթութեան Նախարարութեան տրամադրած կեդրոններէն ներս։ Նախարարութիւնը հաստատեց, որ լրացուցիչ քննութիւնները կը սկսին Հինգշաբթի, 25 Յուլիս 2024-ին եւ կը շարունակուին մինչեւ 8 Օգոստոս 2024։