Մինչ Հայաստանի վարչապետը անցեալը մոռացութեան տալու, պատմութիւնը ուրանալու կոչ կ’ուղղէ Հայաստանի ժողովուրդին ու Հայաստանի դպրոցներէն ներս Հայոց Պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեամբ փոխարինելու արդարացումներ կը փորձէ գտնել՝ ճշմարիտ Հայաստանը ներկայ Հայաստանն է միայն շեշտելով, յստակօրէն փորձելով իրենց անցեալի իմացութենէն զրկել Հայաստանի յատկապէս նոր սերունդները, Սուրիոյ նախագահը իր վերջին զրոյցին մէջ կը շեշտէ, որ եթէ անցեալէն դասեր չքաղենք մեր նորահաս սերունդները նոյն թակարդներուն մէջ պիտի իյնան։ Նախագահը անշուշտ կ’ակնարկէ թշնամի կամ թշնամացած երկիրներու լարած թակարդներուն, անոնց ծաւալապաշտ նկրտումներուն եւ Սուրիոյ տարածքները տարբեր պատճառաբանութիւններով բռնագրաւելու փորձերուն։
Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը թէեւ դանդաղ, սակայն իրականանալի զարգացում կը թուի ըլլալ, նկատի ունենալով դաշնակից եւ դրացի երկիրներու միջնորդութեամբ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպումը կազմակերպելու փորձերը, Թուրքիոյ նախագահին հանդիպման ուղղակի հրաւէրը՝ ուղղուած Սուրիոյ նախագահին եւ նախագահ Ասատի տարբեր առիթներով դրական, սակայն իրատեսական պատասխանը այդ հրաւէրին։
Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները նախքան պատերազմը պատմական բնոյթ ունէին, հակառակ անոր, սակայն, Սուրիա իր պատմութեան դասագիրքերէն չէր ջնջած իր պատմութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն ազատագրումը։ Չէր ջնջած մանաւանդ 6 Մայիսը, նահատակներու օրը, այն նահատակներուն, որոնք Ճեմալ Փաշայի օրերուն կախաղան բարձրացան, խոշտանգուեցան։ Աւելին. Սուրիա չէր ջնջած Աղեքսանտրէթի իր պահանջը, ու մինչեւ օրս տարբեր առիթներով լուսարձակի տակ կը պահէ Աղեքսանտրէթը որպէս սուրիական բռնագրաւուած հող։
Այս բոլորը ջնջելու, անտեսելու, պատմութիւնը իր էութենէն պարպելու փորձ չէ կատարած Սուրիան, նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ ամէնէն ջերմ յարաբերութիւններու ընթացքին։
Այլ խօսքով Սուրիոյ նախագահը, հակառակ երկրին կրած ահաւոր տագնապներուն, արտաքին աննկարագրելի ճնշումներուն, պատերազմին, միշտ ալ իր երկրի ազգային շահերու նշաձողերը բարձր պահեց ու կը շարունակէ պահել, առանց ընկրկելու տարբեր ճնշումներու դիմաց։
Նախագահին վերջին հարցազրոյցին մէջ այս բոլորը կ’արտայայտուին հետեւեալ տողերով.
«Ոչ ոք կը ցանկայ լարուածութիւն ունենալ դրացի երկիրներու հետ, սակայն յարաբերութիւնները կարելի՞ է վերականգնել առանց միջազգային իրաւունքին, առանց բացայայտօրէն խօսելու անցեալի մասին… առանց խօսելու քաղաքական սխալներու մասին, որոնք յանգեցուցին ողջ տարածաշրջանի կործանումին, հարիւր հազարաւոր զոհերու… կրնա՞նք անտեսել պետութիւններու ինքնիշխանութեան իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը, կրնա՞նք ուղղուիլ դէպի ապագայ՝ առանց անցեալի դասերէն օգուտ քաղելու եւ հիմքեր հաստատելու, որպէսզի գալիք սերունդները չ’իյնան նոյնանման թակարդներու մէջ»։
Բնականաբար երկու երկիրներու յարաբերութիւններու վերականգնումը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ համար։ Սուրիան, այն շրջագիծին մէջ, բնականոն յարաբերութիւններու իր առաջադրանքները յստակօրէն ուրուագծած ու բանաձեւած է։
Թուրքիա հապճեպ քայլերով կ’ուզէ հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որովհետեւ իր սահմանին քրտական ներկայութիւնը կը սպառնայ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան, միւս կողմէ սուրիացի գաղթականներու մեծ թիւը ներքին հարցերու դուռ կը բանայ Թուրքիոյ մէջ, վերլուծաբաններ անոր կը վերագրեն Էրտողանի կուսակցութեան ձախողութիւնը տեղական ինքնակառավարման վերջին ընտրութիւններուն։
Սուրիոյ համար եւս յարաբերութիւններու վերականգնումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ թէ՛ երկրի ապահովութեան վրայ, եւ թէ պետութեան վերահսկողութեան պիտի վերադարձնէ հիւսիսային շարք մը տարածքներ, յատկապէս Իտլիպը, երբ Թուրքիան իր գործը աւարտած համարելով աստիճանաբար պիտի դադրեցնէ զինեալներու իր աջակցութիւնը եւ առաջին հերթին պիտի համաձայնի դուրս գալ սուրիական հողերէն, անտէր թողելով իր հովանաւորութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումները։
Միւս կողմէ, տարածաշրջանային շահերու առումով Ռուսիա, Իրան եւ Իրաք շահագրգռուած են Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու վերականգնումով, որովհետեւ այս պարագային ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը պիտի սահմանափակուի երբ բոլոր օտար ուժերը դուրս գալու իրենց քայլերը սկսին եւ ԱՄՆ-ի զօրակցութիւնը վայելող ուժերը մնան միակ այն կողմը, որուն դէմ պիտի պայքարին բոլոր այն դաշնակիցները եւս, որոնց համար կարեւոր է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան լիիրաւ կիրարկումը։
Տնտեսութեան առումով , բաց սահմանները պիտի նպաստեն Արաբական ծոցէն մինչեւ Իրաք, Սուրիա, Թուրքիա, ապա Եւրոպա հասնող առեւ-տրական ցամաքային ճանապարհի անարգել օգտագործման, ինչ որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ շրջանի երկիրներու տնտեսութեան վրայ ու շունչ տայ յատկապէս տասը տարիներ շարունակ շրջափակուած Սուրիոյ տնտեսական կեանքի բարելաւման ու վերականգնումի իրականացման։
Այս բոլորը բնականաբար կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կիրարկուած տեսնելը իրատեսական չեն, սակայն կողմերու շահագրգռուածութիւնը Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացմամբ անցումային փուլի մը սկիզբը պիտի համարուի Սուրիոյ համար։ Այն երկրին, որուն ղեկավարութիւնը տասը տարիներու պատերազմին ծանր բեռը կրելով մէկտեղ, շրջափակման պայմաններուն մէջ անել կացութիւններու մէջ յայտնուելով մէկտեղ, երկրի ազգային շահերու նշաձողերը բարձր պահեց ու կը շարունակէ պահել։