Բ. ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԱՅԻՆ. Ամբողջ դարու մը պատմութիւնը ընդգրկող հատորը անսպառ տեղեկութիւններով եւ ծանօթութիւններով հարուստ է: Էջերուն կը տողանցեն Լիբանանի բեմը ծաղկեցուցած, երկարատեւ կամ կարճ ժամանակով գործած բոլոր խմբավարները, որոնց անուններուն թուումը մեզմէ պիտի խլէ սիւնակներ: Հոն են նաեւ երաժիշտներ, մեներգողներ, նուագողներ, երգահաններ ու յօրինողներ: Այս իմաստով, հատորը կարելի է նկատել երգչախմբային մէկ դարու կեանքի «Ո՞վ է նա» (Who’s who) տիպի հանրագիտարան մը: Այս տողերը աւելի լաւ հասկնալու համար, արձանագրենք, որ հատորի վերջին էջերուն, կայ տողանցողներու ստուար անուանացանկ մը, աւելի քան 20 էջ (549-570): Անուանացանկը կ’ընդգրկէ ո՛չ միայն երգչախումբերուն խմբավարներն ու երաժիշտները, մեներգողները եւ այլն, այլ նաեւ լրագրողներ, մտաւորականներ եւ գիրի ու արուեստի մարդիկ, որոնք կապ ունեցած են երգչախումբերուն հետ ու արձագանգած անոնց նուաճումներուն:
Հատորը հանրագիտարանի արժէք ունի նաեւ այն մօտեցումով, որ ընթերցողը, մասնաւորաբար ապրող սերունդը կ’իմանայ, թէ որո՞նք եղած են Լիբանանի երգչախումբերու առաջին խմբավարները, կը տեսնէ, թէ դար մը առաջ ջահը ինչպէս անցած է ձեռքէ ձեռք, սերունդէ սերունդ, մէկուն սկսած գործը շարունակած է ուրիշ մը՝ այլ վարպետ մը կամ վարպետի մը փայլուն մէկ աշակերտը: Հատորի ամբողջ երկայնքին, ընթերցողը կը զգայ, թէ Մեծն Կոմիտասը, անոր արժանաւոր յաջորդները եւ աւանդապահները ինչպիսի՜ նուիրումով, յաճախ նաեւ հսկայական զոհողութիւններով գուրգուրացած են երգչախումբերուն վրայ:
Գ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԳՈՐԾ. Սկսինք խօսելով հատորին ներքին բաժանումներուն եւ աճը ցուցահանող
մանրամասնութիւններու մասին:
Հատորը ունի աւելի քան տասը ենթաբաժին, մեծ մասը օժտուած՝ ներածականներով: Իրաքանչիւր ենթաբաժինին ճամբով, ընթերցողը կը ծանօթանայ, երգչախումբերու ծննդոցին, նաեւ այն իրականութեան, որ անոնք նախ ունեցած են «յարանուանական» դիմագիծ (աւետարանական, կաթողիկէ եւ առաքելական), անոնց կազմութեան մղիչ ուժերը եղած են նաեւ ազգային երեք կուսակցութեանց մշակութային թեւերը՝ Համազգային, Նոր Սերունդ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ: Կարգ մը երգչախումբեր առաջնորդուած են անհատ խմբավարներու ջանքերով, մերթ ընթ մերթ գործակցութիւն ստեղծուած է խումբերու եւ խմբավարներու միջեւ:
Յարանուանական երգչախումբերուն սկզբնական գործը եղած է առաւելաբար կրօնաշունչ երգերու տարածումը, սակայն ժողովրդային, ազգային-հայրենասիրականն ու օտար երգահաններու գործերը մի՛շտ ալ ներկայութիւն եղած են յայտագիրներու վրայ, աստիճանաբար տարածք ստանալով:
Հայկական երեք յարանուանութիւններուն նախաձեռնութեամբ ոտքի հանուած երգչախումբերը անհաղորդ չեն եղած իրարու: Մէկէ աւելի խըմբավարներ իրենց ներդրումը ունեցած են տարբեր երգչախումբերու պատրաստութեան եւ յաջողութիւններուն մէջ: Իսկ եթէ պիտի խօսինք թիւերով, հատորը ընթերցողին կը ծանօթացնէ շուրջ 25 երգչախումբ, որոնց շարքին՝ մանկական եւ երիտասարդական, որոնց խմբավարութիւնը կատարած են աւելի քան 30 երաժշտագէտներ: Կ’երեւի, թէ իբրեւ մանկական-պատանեկան ծնած երգչախումբ մը տարիքի աճ ունեցած է եւ դարձած՝ երիտասարդական եւ այլ: Հեղինակը այս բոլորին մանրամասն պատմութիւնն է որ կը ներկայացնէ էջերուն, ընդհանրապէս պահպանելով ժամանակագրական կարգը:
Դ. ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ. Այս հատորին մէջ կայ վերահաստատում այն ճշմարտութեան, թէ հայերը ինչպիսի՛ դեր ունեցած են անմիջականօրէն լիբանանեան, ապա նաեւ արաբական աշխարհի մէջ երգչախմբային արուեստի հիմադրութեան ու տարածման, մասնաւորաբար բազմաձայն երգեցողութեան հունաւորման մէջ:
Երգն ու երաժշտութիւնը համամարդկային հարստութիւններ են՝ ըսուած է: Այս խօսքը մարմնաւորուած է հոս, այն իմաստով, որ մեր երգչախումբերուն յայտագիրները ո՛չ միայն բազմալեզու եղած են, այսինքն՝ հոն տեղ գտած են եւրոպական ու արաբական երգեր, այլ այդ խումբերը «յորդած» եւ նաեւ հայկական միջավայրէ անդին, հասած՝ լիբանանցի եւ արաբական աշխարհի երաժշտասէրներուն եւ արժանացած՝ ջերմ գնահատանքի: Հայկական երգչախումբեր, երգահաններ եւ խմբավարներ ռահվիրայի դեր ունեցած են արաբական երգչախմբային արուեստի աշխարհին մէջ, այս առաքելութիւնը կը շարունակուի այսօր, ազգամիջեան գործակցութիւններու ճամբով: Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի մէջ գործող խմբավարներ, տեղափոխութիւններու ճամբով, իրենց առաքելութիւնը տարած են հայկական այլ գաղութներ եւ օտար բեմեր:
Տեղ մը պէտք է արձանագրել նաեւ այն կարեւոր դերը, որ ունեցած են լիբանանահայ երգչախումբեր, երբ տարած են միացեալ գործունէութիւն եւ պանծալի էջեր արձանագրած են ո՛չ միայն հայութեան կեանքին, այլ նաեւ լիբանանեան ու միջազգային ոլորտներու մէջ: Յիշատակենք գոնէ մէկ օրինակ: Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն, երբ հայութիւնը կ’ապրէր միասնութեան, վերականգնումի եւ դէպի նոր նուաճումներու սեւեռող փուլ մը, Համազգայինի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի միացեալ երգչախումբ-պարախումբը պատմական նուաճում մը արձանագրեց նախ՝ Պաալպէքի փառատօնին, ապա նաեւ այցելելով Փորթուկալ եւ այլուր: Երգչախումբերու միացեալ ելոյթները այլապէս ունին իրենց աղուոր աւանդութիւնն ու իւրայատուկ պատմութիւնը, մասնաւորապէս ազգային տօներու առիթով: Հատորին մէջ վկայութիւն կայ, որ այս աւանդութիւնը կ’ապրի այսօր:
Այստեղ կ’արժէ կանգ առնել նաեւ այն դերակատարութեան ու գործակցութեան վրայ, որ ստեղծուած է տարբեր գաղութներու եւ Լիբանանի հայութեան միջեւ, իսկ այս ծիրին մէջ, ու մասնաւորապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ Լիբանանի եւ մայր հայրենիքի միջեւ: Բազմաթիւ խմբավարներ հրաւիրուած են Լիբանան, լիբանանահայ երգչախումբերու համար յօրինումներ կատարած են հայրենի երաժիշտներ, իսկ կարգ մը լիբանանցի երգահաններու գործերուն հայ վարպետներու կողմէ մշակումը սքանչացումի տարած է նոյնինքն երգահանները…
Ե. ՓՈԽԱՆ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ. Նման գիտաշխատութիւն՝ ընդհանրապէս օժտուած պէտք է ըլլայ մատենագիտութեամբ մը՝ օգտագործուած աղբիւրներու ցուցակով: Նման բաժին կը բացակայի հատորի էջերէն: Սակայն… չաճապարե՜նք: Այդ բաժինը աւելիով կատարուած է հատորի ամբողջ երկայնքին, էջատակի բացատրականներով, կրկնենք՝ 378 բացատրականով: Անոնք այլազան են. կան բացատրութիւններ, թէ որոշ մէջբերումներ ո՞ր թերթի ո՞ր թիւէն կամ գիրքէն վերցուած են, սակայն նաեւ այդտեղ կան առատ բացատրութիւններ եւ կենսագրական ծանօթութիւններ՝ էջերուն մէջ յիշատակուած արուեստագէտներու (երգահան, երաժիշտ, խըմբավար, երգիչ եւ այլ): Այս բաժինը ուշագրաւ մէկ գոյնն է հատորին «Ո՞վ է ան»ի նկարագիրին:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Այս սիւնակը սկսանք՝ հատորը բնութագրելով իբրեւ կոթողական եւ բանասիրական աշխատանք, զայն նաեւ տեղ մը որակեցինք իբրեւ անխնայ գործ, որովհետեւ հեղինակը ճիգ չէ խնայած երգչախումբերու մասին հասնելու հոն՝ ուր իբրեւ անհատ կարելի է:
Աւելցնենք, որ այս հատորը յուշարձան մըն է բոլոր այն խմբավարներուն եւ արուեստագէտներուն (սկսելով Յ. Իւվէզեանէն մինչեւ Բ. Կանաչեան, Է. Էլմաճեան, Հ. Պէրպէրեան, Օ. Ասատուրեան, Զարեհ Սրբազան, Մնակեան, Ս. Փանոսեան եւ ուրիշներ), որոնք հիմնած ու վարած են բազում երգչախումբեր եւ պատմութեան անցած, երէցներուն ներարկած են Կոմիտասի եւ այլ հանճարներու արուեստը, մանուկներուն ցոյց տուած են երգարուեստի՝ հոգի հարստացնող աշխարհին հորիզոնները: Հատորը նաեւ պատուոյ շքանշան է բոլոր անոնց, որոնք վառ կը պահեն դար մը առաջ վառած ու բարձր պահուած ջահը:
Վստահ ենք, որ ընթերցողներ մեզի պիտի ձայնակցին ըսելու. շնորհակալութիւն՝ Տիկին Ռուպինա, այս աշխատանքին
համար: Ու երեւակայել, որ այս հատորը միայն մէկ՝ լիբանանեան երեսն է Սփիւռքի մէջ ծնած ու ծաղկած մեր երգչախումբերու պատմութեան:
(Յ.Գ. Կ’ուզենք արձանագրել նաեւ քանի մը նկատողութիւն՝ իբրեւ յետ-գրութիւն, այսինքն անկախ՝ հատորի արժեւորման մեր փորձէն: Այս բաժինը ո՛չ մէկ ձեւով պէտք է ընկալել իբրեւ արժէքին վնասող տողեր: Խօսքը կը վերաբերի քանի մը «վրիպակներու» (արդեօք կա՞յ անթերի գործ՝ պիտի հարցնէ ընթերցողը), որոնք տպագրական-տողաշարական կամ ձեւաորումի հետ կապ չունին, այլ խմբագրումի կապուած հարցեր են, կարելի էր բազմարժէք այս հատորը զերծ պահել անոնցմէ:
Այսպէս՝ կարգ մը տեղեր կարելի էր խուսափիլ էջերուն եւ տողատակի բացատրութիւններուն մէջ ծանօթութիւններու կրկնութիւններէ: Այլուր, որոշ ծանօթագրում նոյնութեամբ կրկնուած է քանի մը էջ անդին: Ու եթէ, ինչպէս նշեցինք իր տեղը՝ լայն մէջբերումները, կը դիտենք վաւերագրումի ակնոցով ու զանոնք չենք նկատեր էջերը ծանրացնող տողեր, անդին, ընթերցողին ուշադրութենէն չի վրիպիր այլապէս «ծանրացնող» բան. օրինակի համար, երբ կը խօսուի խումբի մը եւ խմբավարի մը իրերայաջորդ ելոյթներուն մասին, եւ իրերայաջորդ պարբերութիւններուն միջեւ այլ խումբի կամ ձեռնարկի մասին ծանօթութիւն չէ մտած, աւելորդ է կրկնել ու կրկնել խումբին ու խմբավարին անունները: Թուականի յիշատակումը բաւարար է կապը եւ հաղորդականութիւնը պահելու համար):
(շար. 2 եւ վերջ)
Ս. Մահսերէճեան