Բոլորս ալ օժտուած ենք երախտագիտութեան զգացումով, սակայն շատեր կ’ուրանան զայն։ Կ’ըսուի, թէ երբեմն մարդիկ որեւէ բանի իմաստն ու կարեւորութիւնը կ’ըմբռնեն, երբ կորսնցնեն զայն, ուրեմն՝ երախտապարտ պէտք է ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք մեզի օգնած են անհրաժեշտ պահու մը, կամ փորձած են ժպիտ պարգեւել երբ անտրամադիր եղած ենք եւ յուսալքուած՝ փոքր ձախողութիւններէ ետք։ Այսպիսով մեր կողքին կը պահենք լաւ ընկերները ու չենք կորսնցներ զիրենք կամ անոնց բարի վերաբերմունքը չենք մոռնար։
Եթէ գնահատենք մարդոց բարի վերաբերմունքը` կը խթանենք բարիքը, իրերօգնութիւնը, իսկ եթէ երախտապարտ չըլլանք ու անտեսենք, թերագնահատած կ’ըլլանք զանոնք։
Ուստի բարի օրինակ ըլլանք մեր միջավայրին, որպէսզի խթանենք յարգալից յարաբերութիւնները։
Քլարիթա Տաղտաղլեան
Հալէպ