_ Ի՞նչ է Հայաստանը։
_ Երկիր մըն է, հանրապետութիւն մը, ուր հայերը կը բնակին դարերէ ի վեր,_ թերեւս օտար մարդիկ այդպէս ըսեն, ուրիշներ ալ այլ ձեւով նկարագրեն զայն։
Հայաստանը միայն հայուն համար հայրենիք է։ Միայն մե՛ր հայրենիքն է։ Օտարներ կրնան այցելել իբրեւ զբօսաշրջիկ, վայելել անոր գեղեցիկ բնութիւնը, հիանալ ու արձակուրդի ուրախ օրեր անցընել, ոմանք աշխատանքի համար առժամապէս հաստատուիլ այնտեղ։
Երբ Հայաստան կ’ըսեմ, կը պատկերացնեմ հինգ հազար տարուան պատմութիւն ունեցող հայրենիքս, պատմութիւն կարդալով ըմբռնած եմ նաեւ, որ թուրքը ամէն առիթ օգտագործած է խլելու հայրենիքէս մաս մը, Հայաստանը վերացնելու քարտէզէն, ջնջելու հայուն անունը, ազգային դիմագիծը, խորհրդանիշերը։ Բայց ես համոզուած եմ, որ մեր թշնամիները պիտի ձախողին իրենց նպատակներու իրականացման մէջ, որովհետեւ հայը հայրենասէր ազգ է, ստեղծագործ ազգ է, կենարար ազգ է։
Ուստի ամէն հայ, որքան ալ հեռու ըլլայ իր հայրենիքէն, կ’ուզէ Հայաստանը տեսնել բարգաւաճ, ազատ, անկախ, բախտաբեր օր մըն ալ՝ միացեալ։ Մենք պարտուած ժողովուրդ չենք։ Յաղթած ենք, որովհետեւ Մեծ Եղեռնէն կարճ ժամանակ մը ետք Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտած ենք։
2020-ին կորսնցուցինք Արցախը, բայց ազգովին վերադարձի յոյսը չենք կորսնցուցած։
Շատ մը բանաստեղծներ Հայաստանի գովքը հիւսած են, երաժիշտներ երգեր հիւսած են հայ հերոսներուն նուիրուած։ Սփիւռքահայեր, յատկապէս սուրիահայեր հասած են Հայաստան ու Արցախ՝ իրենց ազգակիցներուն հետ պատերազմելու, նահատակուած են հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, միշտ յոյսով ու հաւատքով առաջնորդուելով։
Հայը շատ տառապած է, բայց չէ յուսալքուած, իր նպատակէն չէ շեղած ու կը շարունակէ արարել ու զօրանալ, գործով ու դիւանագիտութեամբ հասնելու իր նպատակին։
Շուշի Ղազարեան
Քեսապ