Ուրբաթ, 28 Յունիս 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի միջնակարգի հանդէսը հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Գասպարեանի, Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներու, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւն, Լաթաքիոյ մարզական, բարեսիրական եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու յիշատակը, ապա Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով հանդէսը բաց յայտարարուեցաւ։
Բացման խօքով հանդէս եկաւ Սօսի Պետուրեան, որ Աստուածաշունչէն քաղելով «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս, հանճարոյ» նախադասութիւնը բացատրեց իմաստութիւնը ճանչնալու կարեւորութիւնը, որպէս Մաշտոցի առաջին դաս ու պատգամ աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Միտքն ու զարգացումը, ուսումն ու վկայականը, հնարամտութիւնն ու ճարտարութիւնը անհրաժեշտ են եւ կենսական՝ սերունդները ուղղելու դէպի կեանքի ճանապարհ։ Սփիւռքի տարածքին գոյատեւման գլխաւոր զրահները հայ լեզուն է եւ հայ դպրոցն են, որոնք կը զարգացնեն միտքն ու հոգին։ Իսկ մեր քրիստոնէական հաւատքի զօրութեամբ կ՚ամրապնդուին կամքն ու դիմադրողականութիւնը եւ վերջապէս ազգային կառոյցները կը բեղմնաւորեն մեր հաւաքական երթը»։
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Լարա Սապունճեան – Պետրեան, շնորհաւորելով շրջանաւարտները։
2023-2024 տարեշրջանի հադէսը նուիրուած էր Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին։
Յայտագիրին սկիզբը կարգ մը աշակերտներ ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի կենսագրականը եւ քերթուածներէն գոհարներ, ուրիշներ ներկայացուցին Կոմիտաս վարդապետին կենսագրականը եւ քերթուածները, ապա խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին արաբերէն «Հայրենիքը կ՚արժեւորուի իր զաւակներուն ստեղծագործութեամբ» ներկայացումը։
Արաբերէն ուղերձը արտասանեց Սարա Պրէպհան, ապա ներկայացուեցաւ հայկական նազ պար մը։
Հայերէն ուղերձը արտասանեց Մեղրի Պետրեան։
Ներկաները այնուհետեւ դիտեցին շրչանաւարտներուն սրտի խօսքերն ու յուշերը ներկայացնող տեսերիզ մը։
Ապա շրջանաւարտները հանդէս եկան եւրոպական վալս պարով։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան հակիրճ զեկոյց տուաւ ուսումնական տարուան մասին։ Ան անդրադարձաւ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած «Մարդուժի պատրաստութեան» տարուան պատգամին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երկրիս արիասիրտ նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ- Ասատին, որ կարեւորութիւն կուտայ կրթական համակարգի զարգացման եւ արիութեամբ կը ղեկավարէ Սուրիան։ Ապա շնորհալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ իր հայրական օրհնութեան եւ հովանաւորութեան համար , եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց հետեւողական օժանդակութեամբ վարժարանի յառաջընթացին սատարեցին։
Ապա տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը վկայականաց բաշխման արարողութիւնը գլխաւորելու։ Վկայականաց բաշխման կողքին, նախկին տարեշրջանի 9-րդ կարգի առաջնակարգ աշակերտները պարգեւատրուեցան։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը։
Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց երկու կարեւոր դէմքերու ծննդեան ամեակներու յիշատակութեան առիթով՝ Պարոյր Սեւակի եւ Կոմիտասի, որոնք հայ իրականութեան մէջ իրենց ներկայութեամբ, մտային թռիչքներով, հոգիի ակունքներէն ժայթքող զգացումներով իրենց կնիքը դրին մեր պատմութեան մէջ եւ իրենց ներքին հարստութեամբ հարստացուցին մեր ներաշխարհը:
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ այդ բոլորը սոսկ այսօրուան համար արտասանուած արտաբերումներ չըլլան, այլ իսկապէս աշակերտներուն մէջ համոզումի վերածուած, զսպանակելով զիրենք, առաջնորդէ իրենց քայլերը՝ ապագային բացուելու եւ շատ աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու: Ան պատուիրեց, որ աշակերտները նախ աստուածային ներկայութիւնը եւ առաջնորդութիւնը ունենան իրենց կեանքէն ներս, որպէսզի հաւատքի ներքին կլանուածութեամբ զսպանակէ եւ առաջնորդէ զիրենք: Ան հրաւիրեց ուսանողները ապագայատեսիլ պատրաստակամութիւն եւ մղուածութիւն ունենալու, անդրադառնալու համար որ իւրաքանչիւրը ընելիք եւ տալիք ունի: Ան նշեց, թէ սրբազան հայրերը, դաստիարակները, հոգաբարձութիւնները, ուսուցիչները, տնօրէնները եւ բարերարները կը զոհուին՝ առողջ եւ գիտակից սերունդ պատրաստելու համար։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը այս տարին կոչած է մարդուժի պատրաստութեան տարի եւ դպրոցը մարդակերտումի կաճառն է եւ վեհափառ հայրապետին բառերով մնայուն կերպով կը պատրաստէ գլխագիր եւ մեծատառ մարդը, որ ներքնապէս հոգիով դրսեւորուած, իր ներաշխարհին մէջ կը տրոփէ նախահայրերուն սիրտը, իր արեան մէջ կը շրջագայի նահատակներուն եւ սրբազան հայրերուն արիւնը եւ շարունակ կը կանչէ՝ զգաստութեան եւ գիտակցութեան հրաւիրելով իւրաքանչիւրը, յատկապէս այս դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ զանազան տեսակի մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք եւ արեւմտեան հոսանքը կու գայ աւերելու եւ իր հետ տանելու մեր նոր սերունդը: Հետեւաբար, այդ հոսանքին դէմ պատերազմելու եւ հոսանքն ի վեր դիավարելու կոչուած է հայ դպրոցը եւ այդ դիավարողները պատրաստելու կոչուած է, գիտակից եւ բոլոր տարածքներու վրայ պատրաստակամ աշխատելու՝ նուիրումով, ծառայութեան հոգիով, պատրաստակամութեամբ, որպէսզի կարողանանք մեր կեանքի, ազգի, հայրենիքի, եկեղեցւոյ եւ ինքնութեան նաւը առաջ քշել, առանց միաձուլուելու եւ ոչնչանալու այն հոսանքին դէմ, որ հսկայ մանգաղի նման կը հնձէ եւ ոչ մէկ խղճահարում կ՚ունենայ:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը շնորհաւորեց ծնողները այն մեծ զոհողութեան համար, որ յանձն կ՚առնեն իրենց զաւակներուն սիրոյն եւ մաղթեց, որ իրենց զաւակները ապագային բարձր վկայականներու արժանի դառնան։ Ապա գնահատեց դպրոցի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, բարերարները, եկեղեցւոյ թաղականները գլխաւորութեամբ Քահանայ Հօր, Պատկան Մարմինը եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն եւ օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ մշակութային հաստատութիւններուն, որոնք լծուած են առողջ սերունդ պատրաստելու առաքելութեան:
Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք այնքան գեղեցիկ եւ սահուն կերպով երկլեզու ներկայացուցին յայտագիրը, մաղթելով, որ այսօրուան նուաճումը ինքնին նոր հանգրուան մը ըլլայ իրենց համար՝ յաւելեալ գագաթներ նուաճելու:
Սրբազան Հայրը օրհնեց ներկաները, մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, արցախահայութիւնը, երկրորդ հայրենիքը՝ Սուրիան, զինք գլխաւորող նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին ղեկավարութեամբ եւ քաջարի բանակին հսկողութեամբ եւ բոլոր անոնց, որոնք արթուն կը հսկեն, որպէսզի երկիրը վերականգնի եւ մենք ապրինք խաղաղութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան շրջագիծէն ներս:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Նայիրի Կարապետեան