ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ԱՄՌԱՆ ՏԱՔԸ

Ամառնային եղանակը, մարդու մարմինին վրայ բարերար ազդեցութիւն ունենալով մէկտեղ կրնայ յառաջացնել առողջական վիճակի տարաբնոյթ խանգարումներ, յատկապէս երբ օդի ջերմաստիճանը կը գերազանցէ մարդու բնական գործունէութիւնը ապահովող միջին ջերմաստիճանային ցուցանիշը:
Տաք եղանակին մարդու մարմինին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող հիմնական բացասական գործoններն են՝ օդի բարձր ջերմաստիճանը՝ անդրմանիշակագոյն ճառագայթը: Անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու հիմնական աղբիւրը արեւն է:  Ան պարզապէս քիչ քանակով  կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարդու կենսագործունէութեան վրայ, քանի որ կը խթանէ դիմադրողական համակարգի գործունէութիւնը, ոսկորներու  ձեւաւորումը, նիւթափոխանակութեան գործընթացները եւ այլն:
Ինչպէ՞ս Պաշտպանուիլ Ամռան Տաքէն
Ամռան տաքէն պաշտպանուելու եւ չանհանգստանալու համար պայման է որդեգրել որոշ նախազգուշութիւններ: Ամռան տաքը առողջական լուրջ հարցեր կը ստեղծէ յատկապէս տարեցներուն, երեխաներուն եւ հիւանդ անձերուն մօտ:
Ուստի անհրաժեշտ է.
Օրուան տաք ժամերուն, երբ արեւը կիզիչ է, շատ լաւ փակել փեղկերն ու պատուհանները: Իսկ օրուան զով ժամերուն՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան, կրկին բանալ զանոնք՝ տան օդը մաքրելու եւ թարմացնելու համար:
* * *
Առաստաղը խոշոր հովահար մը հաստատել. նախ՝ նուազ ծախսալից է, քան օդափոխիչը, երկրորդ՝ նուազ զօրաւոր եւ վնասակար: Հովահար հաստատելու պարագային նկատի ունեցէ՛ք սենեակին մեծութիւնը:
***
Նախապատուութիւնը տալ գաղջ կամ պաղ լոգանքներուն եւ բաղնիքը տաք շոգիով չլեցնել:
* * *
Առաւօտեան՝ ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ը տունէն դուրս չելլել եւ ինքզինք չպարզել արեւուն ճառագայթներուն:
* * *
Տան մէջ զով անկիւն մը չունենալու պարագային, ջանալ ժամանակը անցընել զովացուած վայրերու մէջ՝ հանրախանութներ, շարժապատկերի սրահներ, ցուցասրահներ եւ այլն…
* * *
Օրուան մէջ տունէն դուրս ակնոց եւ գլխարկ կրել եւ անպայման շիշ մը ջուր վերցնել:
* * *
Օրուան ընթացքին քանի մը անգամ ցնցուղ (տուշ) ընդունիլ եւ բոյսերը ջրելու սփրէյով դէմքն ու անդամները զովացնել:
***

Ո՞Ր ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԷՆ ՊԷՏՔ Է ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԱՄՌԱՆ ԵՂԱՆԱԿԻՆ

Առատ ջուր խմելը, բաց գոյնի հագուստներ կրելը, գաղջ ջուրով լոգանքը, զովացուած վայրեր այցելելը, օրուան տաք ժամերուն դուրսերը չթափառիլը լաւ սովորութիւններ են ամռան տաքին տոկալու եւ չհիւանդանալու համար: Ասոնց կողքին, սակայն, սննդագէտները կը յանձնարարեն վերատեսութեան ենթարկել ճաշացուցակը եւ հրաժարիլ որոշ ուտելիքներէ: Այսպէս տաք օրերուն խուսափինք՝
Իւղոտ ուտելիքներէն, քանի որ անոնք մարսուելու համար յաւելեալ ճիգ կը պահանջեն մեր մարմնէն, ինչ որ իր կարգին կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը:
* * *
Կարմիր միսէն, քանի որ այնպէս, ինչպէս իւղոտ կերակուրը, կարմիր միսը եւս նոյն անպատեհութիւնը կը ներկայացնէ: Հետեւաբար նախապատուութիւնը տանք հաւեղէնին եւ ձկնեղէնին…
Միզամուղ խմիչքներէն, որոնք կը նպաստեն մարմնին ջրազրկման: Այսպէս չափաւորենք թէյը, սուրճը, գարեջուրը եւ նախապատուութիւնը տանք սովորական ջուրին:
* * *
Շաքարէն եւ ոգելից ըմպելիներէն, ասոնք եւս հակում ունին մարմնին ջերմաստիճանը բարձրացնելու: Տաք օրերուն հրաժարինք աղանդերներէն, պաղպաղակէն, պտուղի հիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տանք թարմ պտուղներուն: Իսկ բաժակ մը խմիչք խմելու պարագային բաւարարուինք մէկ գաւաթ գարեջուրով:
* * *
ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՔ բանջարեղէններուն եւ կաթնեղէնին, որոնք առատ ջուր կը պարունակեն եւ մեր գործարանները յաւելեալ ճիգի մէջ չեն դներ:
Անշուշտ չմոռնանք ջուրին կարեւորութիւնը, ամռան տաք օրերուն ջուրի սպառումը պէտք է հասնի մինչեւ 2 լիթրի: Ջուր պէտք է խմենք, նոյնիսկ եթէ ծարաւ չենք զգար: