ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՊԱՆԻԱ ՆՈՒԱՃԵՑ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍԸ
Կիրակի օր Պերլինի մէջ Սպանիոյ եւ Անգլիոյ հաւաքականները վիճարկեցին 2024 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեանի տիտղոսը: Առաջին խաղակիսուն, խումբերը չյաջողեցան ցնցել իրենց մրցակիցին դարպասը. աւելին՝ նոյնիսկ որեւէ վտանգաւոր կոլային դէպք չկրցան արձանագրել։ Հանդիպման երկրորդ կիսախաղին, սպանացիները խաղը շատ աշխուժութեամբ սկսան եւ անմիջապէս կրցան ցնցել Անգլիոյ դարպասը Նիքօ Ուիլիըմզի միջոցով, որ  Եամալէն փոխանցուած գնդակը անմիջապէս ուղղեց մրցակիցին դարպասը՝ արձանագրելով առաջին կոլը: Սպանիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստները կոլէն ետք  շարունակեցին աշխուժ խաղը, անոնք կարելիութիւն ունէին հաշիւը կրկնապատկելու, սակայն անգլիացիները փրկուեցան Փիքֆորտի շնորհիւ։ Մրցումի  երկրորդ կոլը նշանակեց  Սաութկէյթի խաղացողը։ Անգլիացիներու կազմին պատասխան կոլի հեղինակ դարձաւ փոխարինման դուրս եկած Քոլ Փալմըրը։ Կոլէն ետք, սպանացիները շարունակեցին իրենց խիստ յարձակումները , որոնց շնորհիւ 87-րդ վայրկեանին արդէն Միկէլ Օյարզապալ գրաւեց Փիքֆորտի դարպասը եւ խաղը իր աւարտին հասաւ 2 – 1 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ Սպանիա Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներու աւարտականին հասած է հինգ անգամ եւ տիրացած չորս ախոյեանութեան:
ՌՈՏՐԻՆ՝ ԵՒՐՕ-2024-Ի ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ, ԻՍԿ ԵԱՄԱԼ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԽԱՂԱՑՈՂ
Սպանիոյ եւ Անգլիոյ հաւաքականներուն  միջեւ կատարուած աւարտական մրցումէն ետք, Սպանիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Ռոտրին ճանչցուեցաւ  այս տարուան մրցաշարքի լաւագոյն ֆութպոլիստ, իսկ իր խաղընկերը՝ Լամին Եամալ, նշանակուեցաւ  մրցաշարքի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստ։ Աւարտական մրցումի լաւագոյն խաղացողի կոչումին արժանացաւ  Նիքօ Ուիլիըմզ։
ԱՐԺԱՆԹԻՆ 16-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ ԴԱՐՁԱՒ
Արժանթինի  ազգային հաւաքականը պարտութեան մատնելով Քոլոմպիան, 16-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Ամերիկայի գաւաթը՝ գերազանցելով Ուրուկուէյի թուանիշը: Եզրափակիչ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Մայամի քաղաքի «Հարթ Ռոք» մարզադաշտին վրայ եւ աւարտեցաւ 1 – 0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Արժանթինի: Խաղի հիմնական ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ։ Խաղը անցաւ յաւելեալ ժամանակի, որուն 112-րդ վայրկեանին Լաութարօ Մարթինէզ յաջողեցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը: Աւելցնենք, որ Արժանթինի հաւաքականի աւագ յարձակող Լիոնէլ Մեսսի  խաղի 36-րդ վայրկեանին ստացած վնասուածքին հետեւանքով փոխարինուեցաւ  այլ խաղացողով, այդ պատճառով ան չկրցաւ զսպել յուզմունքին արցունքը: Սոյն հանդիպումը նախապէս  ճշդուած ժամէն ուշ սկսաւ, յետաձգուելով 1 ժամ 22 վայրկեան՝ հանդիպումէն առաջ մարզադաշտի տարածքին  տեղի ունեցած անկարգութիւններուն պատճառով։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան