Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան, փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին:

Երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդին ամբողջական զօրակցութեան համար եւ համագործակցական ծրագիրներու սերտողութեան մասին խօսեցաւ:

Սրբազան հայրը իր օրհնութիւնը տալով շնորհաւորեց երեսփոխանին ընտրութիւնը, կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը եւ հեզասահ ու բեղուն աշխատանք մաղթեց անոր: