Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան «Ս. Ներսէս Շնորհալիի 850-Ամեակի Յաւերժութեան» յուշանուէրով պարգեւատրեց հայ ազգի նորընտիր երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեանը՝ ազգային ծառայութեան եւ վաստակին համար։
Գերապայծառը հայրական օրհնանքը շնորհեց եւ բարեմաղթութիւններ յայտնեց երեսփոխանին։
Երեսփոխանը իր կարգին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւնը եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց։