Գաղութահայ կեանքի տարեգրութեան մէջ, Ապրիլ ամսուան սկզբնաւորութեան միասնակամութեան «համաճարակը» կը հասնի մեր հասարակական կեանքը ղեկավարող բուրգի գագաթէն մինչեւ ստորոտը:
Հայու շունչով ապրող հաւաքականութիւնները քով-քովի կուգան, ծրագրելու եւ ոգեկոչելու սուրբ նահատակներուն յիշատակը ու կրկնելու մեր պահանջատիրութիւնը:
Ցեղասպանութիւնը մեզ միացնող ազդակը եղած է: Տխուր սակայն հաստատ իրականութիւն մը:
Ոգեկոչումի հանդիսութիւններու աւարտէն ետք, իւրաքանչիւր կողմ կը վերադառնայ իր ակումբը կամ համայնքապետարանը… ու կը շարունակուի Հայ կեանքը իր տաք ու պաղ երեսներով:
Այս տարի սակայն հալէպահայութիւնը իրագործեց իր պատմական աննախնթաց յաղթանակը, 15 Յուլիս 2024-ին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով:
Տասներկու տարիներու ընթացքին թէժ օրերու պատմուճանին տակ կքած, տնտեսական, կենցաղային, ընկերային տագնապներու անցարգելները ցատկելով, հալէպահայութիւնը ջահակիրը եղաւ սփիւռքահայ կեանքի մէջ արտակարգ երեւոյթի մը իրագործումին, բոլոր կողմերու միասնական յաղթանակով, կեդրոնանալէ ետք ՄԷԿ թեկնածուի շուրջ:
Յաճախ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, ուղիղ 63 տարի առաջ՝ 1961 թուականին, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հալէպահայութիւնը միասնական ցանկով իրագործած էր երկու հայ երեսփոխաններու յաղթանակը:
9 Դեկտեմբեր 1961 թուակիր լիբանանեան ՍՓԻՒՌՔ շաբաթաթերթէն յապաւումներով կ՜արտագրեմ հետեւեալ տողերը:
«Հալէպահայութիւնը յաղթած էր ընտրութիւններէն առաջ, նոյնիսկ եթէ ընտրութիւններէն ետք պարտուած ըլլար:
Հալէպահայութիւնը յաղթեց իր ներքին միասնակամութեան բոլոր թշնամիներուն եւ փաստեց թէ հայը կրնայ հասնիլ բաղձալի միասնակամութեան:
Հալէպը տուաւ առաջին մեծագոյն օրինակը, ուրիշ բազմաթիւ բաներու մէջ եւս յաճախ տալէ ետք լաւագոյն օրինակները:
Կը հաւատանք Հայուն դրական ուժերուն:
Կը հաւատանք զինուորական մարդու հոգիին, այսինքն՝ զօրավար Արամ Գարամանուկեանին, որ տարիներով ազգային գործերէ բոլորովին հեռու մնալէ ետք (սակայն միշտ հայութեան Հոգիին հետ ներքին տրամախօսութեան մէջ մնալով), այժմ իբրեւ հայոց երեսփոխան ասպարէզ կþիջնէ, հաւատալէ ետք միայն թէ կրնայ ըլլալ նաեւ զօրավարը հայոց միասնականութեան դարբնումին:
Կը հաւատանք իրաւագէտի ողջախոհութեան, այսինքն մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանի, որ ազգային ու տեղական ալեկոծումներուն վկան եղաւ եւ անձամբ ստուգեց թէ բոլոր տեսակի երեսփոխանութիւններէն լաւագոյնն է համահայութենէն ընտրուած երեսփոխանը:
Մեր երկու պատուական երեսփոխանները շնորհաւորելէ ետք, կարելի՞ է չշնորհաւորել ամբողջ հալէպահայութիւնը, սքանչելի այդ հայ զանգուածը, իր ԵՐԵՔ յարանուանութիւններով, իր ԲՈԼՈՐ կուսակցութիւններով, իր ԲՈԼՈՐ մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կազմակերպութիւններով:
Անգամի մը համար լոյսը արեւելքէն չծագեցաւ, այլ հիւսիւսէն՝ Հալէպէն»:
Տարիներ ետք, այս անգամ այդ լոյսը կրկնակի զօրութեամբ ծագեցաւ, մէկ թեկնածուի շուրջ համախոհութեամբ եւ համագործակցութեամբ, նորնտիր Հայ երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի ընտրութեամբ, որպէս համայն հայութիան միակ թեկնածու:
Կը հաւատանք, որ Մարիան որպէս կրթական մշակ, լրագրող եւ իրաւաբան լաւագոյն ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ սուրիահայ քաղաքացիներուն, խորհրդարանի երդիքին տակ:
Շուրջ հարիւրամեակ մը առաջ անկրկնելի Հրաչ Փափազեանով սկսած, քսանի հասնող Հայ երեսփոխաններու անուններու շղթային ոչ վերջինը, սակայն նորագոյն օղակը աւելցաւ:
Հալէպահայութեան այս մեծ իրագործումը, իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նորընտիր հայ երեսփոխանի ծառայութեան բնագաւառին մէջ, այլ ընդհանրապէս նօսրացած, սակայն տոկուն գաղութի համագործակցութեան խթանը պիտի ըլլայ:
Յարգանք եւ յաջողութեան մաղթանքներ բոլորին անխտիր:
Ներկայիս լաւատեսութեամբ առլցուն քաղաքական պայմաններուն մէջ, արեւշատութիւն ու կորով Մարիային, նաեւ խաղաղութեան, յառաջդիմութեան, անդորրութեան ու բարգաւաճ կեանք նուաճելու նոր հորիզոններ Սուրիական Հայրենիքին:

Մաթիկ Էպլիղաթեան

Ժընեւ