Նոյեմբեր 11-22 2024-ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն կ՚ակնկալուի որ մասնակցին կառավարական հազարաւոր պատուիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ատրպէյճան այս համաժողովը կ՚օգտագործէ մոլորեցնելու միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան գծով։

Այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ատրպէյճանի իսկական՝ ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական հակաժողովրդա­վարական էութիւնը, բարձրաձայնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ Ատրպէյճանի բացասական վարքագիծը։

Հայ Դատի համակարգը —յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ— այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք արդէն սկսած է իրականացնել յատուկ մշակուած ծրագիր՝ հասնելու համար այն բոլոր շրջա­նակներուն՝ կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական, որոնք որեւէ չափով առնչուած են COP-29-ին։ Այդ աշխատանքներուն նպատակն է շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները ազդեցութիւն բանեցնելու Ատրպէյճանի վրայ՝ պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին եւ հայ գերիներու անօրէն պահպանման իր հայատեաց քաղաքականութեան փոփոխութիւնը։

Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու (social media) վրայ օգտատէր է։ Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերով այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնուազն այս չորս hashtag-ները. #COP29Exposed , #COPout29 , #COP29 , #COP29Azerbaijan ։ Այս կայքէջէն (https://copout29.com/) կրնաք վերցնել Հայ Դատի համակարգին կողմէ պատրաստուած կարգ մը գծանկարներ եւ պատկերիզներ, որոնք կ՚արտայայտեն մեր տեսակէտները։ Խիստ կարեւոր է բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ օգտագործել վերոյիշեալ hashtag-ները։

Մեր տեսակէտները բարձրաձայնելու համար յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն մեկնարկող 2024-ի Ողիմպիական Խաղերը, Փարիզի մէջ։

Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, նման աշխատանքի մասնակից է նաեւ Միջազգային Քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենո Օքամփոն։ Այս առիթով հայութեան ուղղուած իր ուղերձը Օքամփոն կ՚եզրափակէ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով՝ դուք կրնաք հասնել այն օրակարգին, որ COP-29-ի մէջ քննարկուին ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան և արդարութեան հարցերը: Հայեր, ժամանակն է ըլլալ փոփոխութիւններու առաջամարտիկը: Գրառումներ ըրէ՛ք, մեկնաբանեցէ՛ք եւ բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզի կը միանան շատեր, այդ կարգին՝ ես»:

Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր, միջազգային տարբեր կազմակերպու­թիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են COP29-ի Պաքուի մէջ գումարուելուն առնչութեամբ։ Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են պոյքոթելու այդ նախաձեռնութիւնը։

Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար մենք պարբերաբար կ՚անդրադառնանք այս աշխատանքներուն։

Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

22 Յուլիս 2024