Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորագրեր փոխանակեցին Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ դիւանագիտական յարաբերութեան 80-ամեակին առիթով:
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ 80 տարուան ընթացքին Սուրիա եւ Ռուսիա զօրավիգ կանգնեցան իրարու եւ կառչած մնացին իրենց սկզբունքներուն եւ արժանապատուութեան, հակառակ բոլոր արտաքին ճնշումներուն:
Նախագահը աւելցնելով ըսաւ, որ Ռուսիոյ կայուն դիրքորոշումները այսօր կը ստեղծեն բազմաբեւեռ աշխարհ, շեշտելով, որ այսօր Սուրիոյ դիմագրաւած պատերազմէն ետք զիջումներու եւ նահանջի առիթ չկայ:
Նախագահը եզրափակելով ըսաւ. «Իմ եւ Սուրիոյ ժողովուրդին անունով սրտագին շնորհաւորանքներ կը յղեմ Ռուսիոյ բարեկամ ժողովուրդին, որ երկարատեւ տարիներու ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդին հետ կայուն եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւն պահպանեց, ինչ որ երկու երկիրներուն յարաբերութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ»։
Իր կարգին, նախագահ Փութին շեշտեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Սուրիոյ, պաշտպանելով Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ան յայտնեց, որ Սուրիա-Ռուսիա յարաբերութեան զարգացումը կը ծառայէ երկու երկիրներու շահերուն եւ կը համընկնի տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներով խաղաղութեան ծրագիրին հետ:
Այս առիթով, նախագահ Փութին շնորհաւորեց Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը, անոնց մաղթելով բարգաւաճ օրեր:
Փութին եզրափակելով ըսաւ. «Մոսկուա եւ Դամասկոս նախորդ տարիներու ընթացքին հարուստ փորձառութիւն շահեցան գործակցութեան ծիրէն ներս: Շնորհիւ երկու երկիրներու միացեալ ճիգերուն, սուրիական հողերուն վրայ միջազգային ահաբեկչական ուժերուն դէմ նկատառելի յաղթանակներ արձանագրուեցան»: