Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Ալի Ասղար Խաճին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտեց Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութեան ամրապնդման եւ գործակցութեան գոյատեւման կարեւորութիւնը, ի նպաստ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան:
Իր կարգին Խաճի յայտնեց, որ այլ այցելութիւններու կողքին Սուրիա իր այցելութիւնը տեղի ունեցաւ տարածաշրջանային հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու նպատակով, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ անոնց ապագայ ուղղիին քննարկման համար:
Խաճի աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատի հետ իր հանդիպումը կեդրոնացաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային կարգ մը հարցերու գծով Սուրիոյ եւ Իրանի մօտեցումներուն վրայ:
Խաճի յայտնեց, որ Իրանի նոր կառավարութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններու զարգացման՝ տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս շեշտուած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի եւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուուտ Փեզեշքեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: