Այն տարողութեամբ, որ Ջարդի, Եղեռնի եւ գաղթականութեան պատմութիւններ պատմուեր են, խօսուեր ու գրուեր են, չէ խօսուած այլ խումբի մը մասին, ամբողջ սերունդ մը, որ կամովին թէ ենթագիտակցաբար, շրջանցելու համար Ջարդին եւ գաղթականութեան ահաւոր խոցը, մոռացութեան տուած է ոչ միայն իր լեզուն, այլ ամբողջ պատմութիւնն ու արմատները:
Ի միջի այլոց պատմուած է, թէ Ամերիկա հասած շատ ընտանիքներու հայրեր, իրենց կապերը լրիւ անջատեր են հայութեան եւ հայ եկեղեցւոյ հետ, փոխադրուեր են Ամերիկայի մէկ խուլ անկիւնը, անդամ դարձեր են ամերիկեան որեւէ եկեղեցիի – ընդհանրապէս ան որ տան մօտիկ եղած է – եւ … մոռցուեր են:
Այս ընտանիքներուն երրորդ, յաճախ նաեւ երկրորդ սերունդները ոչինչ գիտեն հայութեան եւ Ջարդին մասին:
Անոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ. ոչինչ հաւաքուած է եւ ճիգ չէ թափուած հասկնալու անոնց դրդապատճառները:
Եթէ նման ընտանիքներէն մէկուն անդամը շատ պատահաբար հանդիպի հայու մը կամ հայերէն լսէ, բան մը պիտի արթննա՞յ իր մէջ, տեսակ մը deja vue պիտի զգա՞յ լսելով այս անծանօթ լեզուն, անհասկնալի անհանգստութիւն մը պիտի զգա՞յ  եւ պիտի ուզէ՞ գիտնալ անոր աղբիւրը:
Նման պարագայ մըն է Փիթըր Պալաքեանի պարագան, որուն մականունին եանը, ընկերներէն մէկուն կողմէ հայհոյանքի պէս  երեսին նետուած, կը դառնայ թելը, որուն ծայրէն բռնած Պալաքեան կը հասնի մինչեւ … Ցեղասպանութիւն: Այս մասին գրած է իր «Ճակատագրի Սեւ Շունը» ինքնակենսագրական վէպին «Անկում ամպերէն» (Fall from the clouds) գլուխին մէջ.
«_Ի՞նչ կը յիշես, մօրաքո՛յր:
_Ինչի՞ մասին:
_Թէ ինչպէս դուն, մեծ մաման եւ մօրաքոյր Ալիսը Թուրքիայէն ելաք:
…………..
_Գաղթի մասին որեւէ բան կը յիշե՞ս:
_Ո՛չ, ես երկու տարեկան էի, Ալիսը երեխայ էր:
…………..
_Ատիկա առաջի՞ն անգամն էր, որ կը խօսէիք Ցեղասպանութեան մասին:
_Հիմա երբ այդ մասին կը մտածեմ, կը պատկերացնեմ որ այդ մարդոց մեծ մասը լուռ էր երկա՜ր տարիներ: Անոնք ԱՄՆ-ի հպարտ, նոր քաղաքացիներն էին: Կ’ուզէին պարզապէս իրենց զաւակները խաղաղօրէն մեծցնել, հոգ տանիլ իրենց գործերուն: Անցեալի դէպքերը ո՛չ միայն շատ ցաւալի էին, այլ մանաւանդ՝ բառերէն անդին»:
Բայց քանի՞ն Պալաքեան է, եւ քանի՞ն պատրաստ պիտի ըլլայ փնտռելու իր արմատները, երբ կեանքը ամէն րոպէ իր հարցերը կը դնէ մեր առջեւ, լուծումներ պահանջելով:
Այս երեւոյթը կը յիշեմ ամէն անգամ, որ հայու անուն-մականունով ամերիկացի գրողի մը հանդիպիմ. հետաքրքրութիւնս կը կրկնապատկուի, երբ այդ անուն-մականունը կրողը կին մը ըլլայ:
Անշուշտ ամբողջովին այլ հարց է, թէ օտարագիր հայ գրողները հա՞յ գրող են, թէ՞ օտար գրող: Ուիլիըմ Սարոյեան թերեւս առաջին օրինակն է բարձրաձայն հնչուած այս հարցադրումին, երբ իրեն համար ամէն տեղ նշուած է՝ «Հայկական արմատներով ամերիկացի գրող»: Բայց ինչպէս ըսի, ասիկա ամբողջովին այլ նիւթ է:
Այլ երեւոյթ մը, ասոր անմիջականօրէն առնչուած, ինքզինք կը ցուցադրէ՝ պէ՞տք է ծանօթ ըլլանք ԲՈԼՈՐ օտարագիր հայ հեղինակներուն: Ինչո՞ւ: Թերեւս ըսուի՝ որովհետեւ պէ՛տք է ծանօթ ըլլանք մեր արժէքներուն:
Օտարագիր հայ հեղինակները ի՞նչ կրնան տալ ժամանակակից հայ գրականութեան:
Օտարագիր հայ հեղինակները, մանաւանդ բանաստեղծները անոնցմէ, մեզի կը բերեն հարցերը դիտելու «դրսեցի»-ի
դիտանկիւնը, որ կը լուսաւորէ յաճախ մեր մութ անկիւնները, եւ լեզուին հանդէպ այ՛լ ուշադրութիւն մը, զոր կը կորսնցնենք մեր առօրեային մէջ:
Այս օտարագիր հեղինակներուն ընթերցումի գիրքերուն ցանկը այնքա՜ն տարբեր է եւ հարուստ. մինչ մենք մեր նախակրթարանի Բ. կարգի հայերէնի դասագիրքին մէջ Դանիէլ Վարուժանի «Դիակի Սայլը» կը գտնենք, իրենք, օտար դպրոցներու մէջ մեծցած, շատ աւելի լուսաւոր մթնոլորտի մէջ կը ծանօթանան աշխարհին:
Այդ լուսաւոր աշխարհին մէջէն է, որ կ’ընեն իրենց ընտրութիւնը, հասո՛ւն ընտրութիւնը վերադառնալու իրենց արմատներուն, հիմնական կերպով ծանօթանալու հին եւ ժամանակակից մեր պատմութեան, բաց աչքերով դիտելու «հայկական» հարցերը եւ այդ թարմ նայուածքով ներկայացնելու մեզ մեզի:
Անոնց երկերուն ընթերցումը մեզի կու տայ «այլ»-ին կողմէ մենք զմեզ դիտելու առիթը, ինչ որ բնաւ փոքր բան չէ
մանաւանդ մեզի՝ սփիւռքահայերուս համար:
Ի վերջոյ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ օտարագիր հայ գրողները անբաժան մէկ մասն են մեր գրականութեան, ո՛չ միայն
իրենց գրականութեան ատաղձով, այլ նաեւ այն կարեւոր ներդրումով, որ կ’ունենան, հակառակ որ լեզուն հայերէնը չէ:
Սարոյեանին նման ցայտուն օրինակ է Տիանա Տէր Յովհաննէսեանը, որուն անգլերէն բանաստեղծութիւններէն օտար ընթերցողները շատ բան իմացած են հայկական աւանդութիւններուն եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայու հոգեմտաւոր աշխարհին մասին: Սակայն գրականութեան մը գլխաւոր միջոցն ու ատաղձը երբ լեզուն է, եւ երբ այդ լեզուն –  այս պարագային՝ հայերէնը – չկայ օտարագիր հայ հեղինակի մը երկին մէջ, հարցումը աւելի բարձր կը հնչէ՝ օտարագիր հայ հեղինակները ի՞նչ կրնան տալ ժամանակակից հայ գրականութեան …
Շատ բան, ինչպէս ըսինք:
Բայց ամէն անգամ որ ճանաչում նուաճած հայ հեղինակի մը, մանաւանդ հեղինակուհիի մը անունին հանդիպինք, մեր սիրտը տրոփ մը կը կորսնցնէ կարծես:
Ճիշդ այսպէս էր, որ ափսոսանքով հանդիպեցայ 2024 թուականին մահացած օտարագիր (անգլիագիր) երկու հայ գրագիտուհիներու՝  Լին Հէճինեանի (1941-2024) եւ Արփինէ Գոնիալեան-Կրընիէի: Ափսոսանք, որովհետեւ մինչեւ հիմա առիթ չէի ունեցած ծանօթանալու անոնց եւ իրենց երկին, մինչ անոնք գրեթէ կէս դարէ ի վեր գրական հրապարակին վրայ փնտռուած անուններ եղած են:
Լին Հէճինեան (1941-2024)
Մաս կազմած է «Լեզուի բանաստեղծներ» խմբակին (The Language poets). բանաստեղծներ, որոնք կոչուած էին այն ամսագրին անունով, որուն մէջ կ’երեւէին, եւ որ 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ  70-ականներու սկիզբը յառաջացած էր ԱՄՆ-ի մէջ: Խմբակին մաս կազմած են Պէրնատէթ Մէյըր, Լէսլի Սքալափինօ, Սթիվըն Ռոտֆըր, Չարլզ Պէրնշտայն եւ ուրիշ բանաստեղծներ:
Հէճինեան եղած է բանաստեղծ, էսսէիստ, թարգմանիչ եւ հրատարակիչ: Իր բանաստեղծութիւնը յագեցած է քնարականութեամբ եւ առօրեայի նկարագրութիւններով: Հեղինակ է բանաստեղծական բազմաթիւ ժողովածուներու, ինչպէս Tribunal (Omnidawn Publishing, 2019), The Book of A Thousand Eyes (Omnidawn Publishing, 2012), The Fatalist (Omnidawn Publishing, 2003) եւ իր կարեւոր գործը My Life (Burning Deck):
Ապրած է ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգը եւ դասաւանդած Պըրլքլի գոլէճին մէջ:
Արփինէ Գոնեալեան Կրընիէր (1943-2024)
Բանաստեղծ եւ գիտնական Արփինէ Գոնեալեան Կրընիէր ծնած է Պէյրութ (Լիբանան): Իր ակադեմական գործունէութիւնը ընթացած է բազմաթիւ եւ տարբեր ճիւղերու մէջ, ինչպէս սրտանօթային հետազօտութիւններ, մարդկային ռեսորսներու զարգացում, տնտեսական հարցերու կարգաւորում եւ արուեստ: Անոր գրական ստեղծագործութիւնները ազգայինի սահմանները կը հատեն եւ այլ կ’արձագանգեն համաշխարհային-տիեզերական զգայնութիւններու, կ’արձանագրեն տարբեր ազգութիւններու մարդկային փորձը:
Հեղինակ է բանաստեղծական հինգ գիրքերու՝ Ս. Գրիգորի Դուստրը (St. Gregory’s Daughter) 1992, «Պերճաղիճներ
Սամարգանտէն (Whores from Samarkand) 1993,
«Մաս Մաս Եփրատ» (Part, Part Euphrates) 2007, The Confession Stand: Exaptation at the Margins (2011), եւ «Լուռ G» (The Silent G) 2019.
Իր գործերը կարելի է գտնել Columbia Poetry Review, Fence, Journal of Poetics Research, The Iowa Review հանդէսներուն մէջ, յիշելու համար մէկ քանին:
Մարուշ Երամեան