Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ռուսիա, ուր տեսնուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ։

Նախագահները քննեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտները, Միջին Արեւելքի ապրած յարափոփոխ զարգացումները եւ համակարգուած միասնական աշխատանքի միջոցները։

Նախագահ Ասատ նկատել տուաւ, որ Ռուսիա եւ Սուրիա բարդ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին եւ յաղթահարեցին, ապա շեշտեց, որ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները հիմնուած են վստահութեան վրայ։

Իր կարգին, նախագահ Փութին դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, իսկ այս հանդիպումը առիթ կը հանդիսանայ սերտելու ակնկալուող զարգացումներն ու հաւանական բեմագրութիւնները։