Ո՞Վ Է ՈՒԺԵՂ ԿԻՆԸ

Ի՞նչ կը նշանակէ ուժեղ ըլլալ կեանքի ընթացքին։ Բնականաբար կեանքը լի է ե՛ւ դժուար, ե՛ւ հեզասահ պահերով։ Կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ըլլալ ուժեղ անհատականութեան տէր, որպէսզի          դժուարութիւններէն ելք որոնելու կարողութիւն ունենանք, փոխանակ դժգոհելու եւ ողբերգութեան վերածելու իւրաքանչիւր դժուար պահ։
Յաճախ կ’ըսուի, թէ կինը, համեմատաբար տղամարդուն, ֆիզիքապէս աւելի թոյլ եւ զգացական է։ Սակայն փորձառութեամբ եւ իմաստութեամբ օժտուած կանայք այնքան ուժեղ կը դառնան, որ դիւրաւ կը յաղթահարեն կեանքի դժուարութիւնները եւ լաւատեսութիւն կը սփռեն իրենց չորսդին։
Ահաւասիկ ուժեղ կանանց յատկանիշները.
-Ուժեղ կինը կը հաւատայ իր կարելիութիւններուն:
Ան գիտէ թէ ինք ո՛վ է եւ ի՛նչ կ’ուզէ, ունի իր երազանքները, նպատակները եւ ձգտումները, զորս կը ձգտի իրականացնել իր բոլոր ջանքերով։ Ան ուրիշին չի վստահիր։Ամուր կը կանգնի ոտքերուն վրայ, գիտէ որոշում գոյացնել եւ պատասխանատուութիւն կրել։
Յարգանքը յաջողութեան կարեւորագոյն բանալիներէն մէկն է:
-Ուժեղ կանայք ժամանակ չունին բամբասանքներու, կամ ժամանակ վատնող  յարաբերութիւններու: Անոնք գնահատել եւ յարգել գիտեն։ Այս երկու կարեւոր արժանիքները կը համարուին իրենց յարաբերութիւններու յաջողութեան բանալիները։
-Ուժեղ կանայք իրենց ցաւը կը պահեն:
Ուժեղ կինը միշտ ոտքի կը կանգնի  դժուարութիւններէ ետք: Ան կրնայ լուծել  իր  հարցերը, կը քանդէ բոլոր այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կը հանդիսանան իր եւ իր ընտանիքին յաջողութեան:
Ան թաքուն կը կրէ իր ցաւը ու երբեք խղճալի վիճակի մէջ չի յայտնուիր:
-Ուժեղ կինը միշտ կ’աջակցի ուրիշին:
Ան միշտ պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու, ականջ տալու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կամ զրուցելու կարիք ունին:
-Ուժեղ կինը գիտէ, թէ ի՛նչպէս պիտի զանազանէ մակերեսայինը խորքայինէն։ 
-Ուժեղ կինը ինքզինք երբեք չի համեմատեր ուրիշին հետ:
Ան գիտէ իր սահմանը եւ իր կարողութիւնը:
Ոչ մէկ կին իտէալական է։ Հետեւաբար ուժեղ կինը արցունքը չի պահեր, երբ լալ ուզէ. լալը տկարութիւն չի համարեր:
-Ուժեղ կինը ներող է:
Ան միշտ կը ջանայ իր միտքը ձերբազատել բացասական թակարդներէ: Կը սիրէ եւ իր սէրը արտայայտելու միջոց կը գտնէ անպայման:
-Ան ճշմարտութիւնը կը սիրէ:
Ճշմարտութիւնը պարզելը դիւրին չէ, որովհետեւ ան երբեմն ցաւ կը պատճառէ, սակայն ուժեղ կնոջ համար ճշմարտութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ միայն ճշմարտութեամբ կարելի է ըլլալ թափանցիկ եւ ունենալ առողջ յարաբերութիւններ: Սխալներէն խուսափիլը լուծում չէ, հարկէ է զանոնք խոստովանիլ ու սրբագրել։ Այսպէս կը մտածէ ուժեղ կինը։
Այս բոլոր յատկութիւնները ունենալով, ուժեղ կինը կը փայլի ադամանդի մը պէս ու  արժանի է գնահատանքի:
***
ԽՈՀԱԳԻՐ
—————-

ՄԵՔՍԻՔԱԿԱՆ ԱՂՑԱՆ

Բաղադրութիւն
2 կարմիր մանրուած քաղցր պղպեղ
2 մանրուած լոլիկ
1 մանրուած սոխ
2 մանրուած քաղցր կանաչ պղպեղ
1 կիտրոնի հիւթ
2 պճեղ սխտոր
1 տուփ սունկ
1 խաշուած հաւու կրծքամիս
1 գաւաթ մանրուած եգիպտացորեն
Աղ, կարմիր պղպեղ, փոշի մանանեխ, ձիթաիւղ։
Պատրաստութիւն
Խառնել բոլոր նիւթերը, աւելցնել խաշուած եւ թել-թել մանրուած հաւու կրծքամիսը։
Ապա աւելցնել համեմները եւ ձիթաիւղը։ Խառնել եւ հիւրասիրել։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան