ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Կիրակի օր Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը հրապարակեց աղջկանց հաւաքականի սկզբնական, 16 մարզիկներէ բաղկացած ցանկը, որուն մաս կազմեցին երեք հայ խաղացողներ՝ Հըթթին խումբէն Ալիսիա Մակարեան, ՀՄԸՄ-էն Լիլիթ Սարգիսեան եւ Իթթիհատ ալ-Ահլի կազմէն Աննա Ասլանեան: Կազմը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Դամասկոսի մէջ, որմէ ետք պիտի ուղղուի Դամասկոս՝ բարեկամական քանի մը հանդիպումներ կատարելու նախքան Յորդանան մեկնիլը, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքին:
– Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէն հրապարակեց ֆութպոլի եւ պասքեթի մարզաձեւերու արհեստավարժական նոր պայմանները։ Պասքեթի մարզաձեւին մէջ դաշնութիւնը ակումբներուն իրաւունք տուաւ տարբեր ակումբներէ առաւելագոյնը երեք խաղացող միացնել կազմին, իսկ ֆութպոլի խումբերուն օտար խաղացողներու թիւը սահմանեց հինգով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՅԱՂԹԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ
Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու պասքեթի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները Եւրոպայի առաջնութեան Բ. մակարդակի մրցումներուն:
Տեղի ունեցած վերջին խաղին, Հայաստանի հաւաքականը 71 – 61 արդիւնքով յաղթեց Ատրպէյճանի հաւաքականին:
Հանդիպման ամենաարդիւնաւէտ խաղացողը Իւրա Մելիքեանն էր: Ան վաստակեց 15 կէտ եւ 21 անգամ տիրացաւ օղակէն անդրադարձող գնդակին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔԻԼԵԱՆ ՄՊԱՓԷՆ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ԽԱՂԱՑՈՂ ԴԱՐՁԱՒ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սպանիոյ ֆրանսացի 25-ամեայ յարձակող Քիլեան Մպափէ պայմանագիր կնքեց Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի հետ: Ֆրանսացի խաղացողը 16 Յուլիսին կատարեց բժշկական քննութիւնը Ռէալ Մատրիտի հանդիսաւոր շնորհանդէսէն առաջ, որ տեղի ունեցաւ Սանթիակո Պերնապէյի մարզադաշտին վրայ: Մպափէն ստացաւ նաեւ մարզաշապիկին թիւը։ Ան մայրաքաղաքի կազմին հետ պիտի ներկայանայ թիւ 9 կրող տարազով: Յիշեցնենք, որ 3 Յունիսին յայտարարուեցաւ Մպափէն Ռէալ տեղափոխութեան մասին, որմէ ետք լրատուամիջոցներուն տեղեկութիւններ հասաւ, որ ֆրանսացի յարձակողի աշխատավարձը պիտի ըլլայ տարեկան 30 միլիոն եւրո, անոր պայմանագիրին մէջ յիշուած է նաեւ մէկ միլիառ եւրոյի փոխհատուցման գումար: Մպափէի վերջին ակումբը ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանն էր։ Նախորդ մրցաշրջանին ան բոլոր մրցաշարքերուն կատարած է 48 հանդիպում, դարձած է 44 կոլի եւ 10 կոլային փոխանցման հեղինակ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան