Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ 2024-2025 դպրոցական ուսումնական տարեշրջանը պիտի սկսի 8 Սեպտեմբեր 2024-ին: Սոյն թուականը ի զօրու է դպրոցական բոլոր կարգերուն համար՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ ուսուցիչները եւ վարչական պաշտօնեաները աշախատանքի պիտի սկսին Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր 2024-ին: