Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեանի հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ միացեալ կառավարական յանձնախումբի ժողովին գումարման նախապատրաստութիւններուն շուրջ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան գործարարներու միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան միջոցներուն, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներուն առնչուող գործակցութեան շուրջ:

Հանդիպումին հայկական կողմէն ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան փոխնախարարը, միջազգային գործակցութեան բաժինի տնօրէնը, տեղեկատուական բաժինի տնօրէնուհին, իսկ դեսպանատունէն երրորդ քարտուղար Ահմէտ Ազպէն: