Այսօր, Երեւանի ժամով ժամը 19։30-ին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ հաւաք տեղի պիտի ունենայ։ Սրբազան պայքարի դիմատետրի էջի փոխանցումով, հաւաքի ընթացքին Սրբազան պայքարի առաջնորդ Բագրատ Արք. Գալստանեան պիտի ամփոփէ Վայոց ձորի մարզ կատարած իր այցելութիւնը ու պիտի խօսի Շարժումի ներկայ ընթացքին մասին։

Օրուան բանախօսը Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Նայիրա Կարապետեանն է։ Ան պիտի խօսի «Արժանապատիւ խաղաղութիւն. բանակցային գործընթաց՝ գնահատելով անցեալը եւ ներկան» նիւթին շուրջ։