Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ այնպէս ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ անոր կ՛արգիլէ:
«Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ այնպէս ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ այնպէս ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է հզօր ըլլանք», յայտարարեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձաւ 24 Յուլիսին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ ճառ արտասանելուն` յայտնելով, որ անոնք, որոնք աշխարհին շարունակ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու դասեր կու տային, նուազագոյն ամօթը չզգացին «մերօրեայ Հիթլեր»-ին ծափահարելու:
Ան աւելցուց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, հոգեկան քայքայման նման է, որովհետեւ չբաւարարուեցան «Կազզայի մէջ 150 հազար պաղեստինցիներու արիւնով ներկուած ջարդարար մը հիւրընկալելով, այլ կը ծափահարեն անոր ցնորքներով լեցուն ճառին»:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իսրայէլի ցեղասպան վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի վերջը նացի ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերին նման պիտի ըլլայ»: Ապա աւելցուց. «Մարդկութիւնը պաղեստինցիներուն կողքին պիտի կանգնի»:
«Պիտի չկարենաք զանոնք բնաջնջել», յայտնեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Այնպէս ինչպէս նացիները` հաւաքական ոճիրներու գործիչները հաշուետուութեան ենթարկուեցան, այդպէս ալ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկել փորձողները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութեան: Նախարարութիւնը պատասխանելով «1նիուզ»-ի հարցումին դիտել տուած է, որ զինուորական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորներու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնը որեւէ հիմք չունի: