Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորագիր մը յղեց Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատորոյին՝ նախագահ վերընտրուելուն առիթով։
Նախագահ Ասատ շնորհաւորեց նաեւ Վենեզուելայի բարեկամ ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններու յաջող ընթացքին առիթով։
Նախագահը եզրափակելով շեշտեց, որ համաշխարհային գետնի վրայ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները երկու երկիրներէն կը պահանջեն գործակցիլ եւ զօրավիգ կանգնիլ իրարու որպէս անկախ պետութիւններ։ Ապա նախագահը Սուրիա-Վենեզուելա պատմական յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ զարգացնելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ ի նպաստ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն։