Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող յատուկ ներկայացուցիչներու 5-րդ հանդիպումին մասին:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «30 Յուլիսին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան եւ դեսպան Սերտար Քըլըչ հինգերորդ հանդիպումը ունեցած են երկու երկիրներու սահմանի Մարգարա-Ալիջան անցումի կէտին վրայ»։