ՍԱՆԱ վկայակոչելով Իրանական «ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ դիմադրութեան շարժումի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ սպանուեցաւ՝ Թեհրանի մէջ իր նստավայրին հրթիռակոծման հետեւանքով։
Այս առումով, Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի հասարակական կապերու վարչութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով ըսաւ. . «Չորեքշաբթի առաւօտեան Պաղեստինի դիմադրութեան ՀԱՄԱՍ շարժումի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի բնակավայրը հրծիռակոծման ենթարկուեցաւ, որուն հետեւանքով Հանիէ եւ իր անձնական ուղեկիցներէն մէկը նահատակուեցան», աւելցնելով, որ դէպքի պատճառներն ու տարողութիւնը կը հետաքննուին, իսկ արդիւնքները կը հրապարակուին յառաջիկայ ժամերուն։
Իր կարգին, Պաղեստինի դիմադրութեան ՀԱՄԱՍ շարժումը գուժեց սպանութիւնը քաղաքական իր թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի՝ Իսրայէլի դաւադրական ռմբակոծման հետեւանքով: