Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան, համատեղութեան կարգով նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան (նստավայրը` Ապու Տապի):
Հրամանագիրին բովանդակութիւնը տեղադրուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան Նոյեմբեր 2023-ի վերջաւորութեան: Արձանագրութիւնը ստորագրեցին Կարէն Գրիգորեան եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պին Ապտալլա ալ- Անքարի, Ապու Տապիի մէջ:
Սէուտական Արաբիա հրաժարեցաւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ Արցախի հակամարտութեան պատճառով: Ռիատ յայտարարած էր, թէ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնած:
Սակայն այս երկրի քաղաքականութիւնը Երեւանի նկատմամբ փոխուեցաւ, երբ քանի մը տարի առաջ Ռիատի յարաբերութիւնները Անգարայի եւ անոր սերտ դաշնակից Պաքուի հետ վատթարացան: